ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ՕՐՀՆԵՑ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Kategori: Belgeler

98 Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 1 Յուլիս 2005 Ուրբաթ երեկոյեանմասնակցեցաւ Գարակէօզեան Վարժարանի 2005-իշրջանաւարտութեան հանդէսին, որ սարքուեցաւ Վարժարանիպարտէզին մէջ։

Հանդիսութեան ներկայ էին այս տարուան շրջանաւարտները, իրենցծնողներն ու ընտանեկան պարագաները, Գարակէօզեան Վարժարանիուսուցչաց կազմը գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի՝ Արմաւենի Միրօղլուի, Գերյ. Հ. Ճոն Ուըլի, Վարժարանի հիմնադրի տեղակալՊետի Զիվէր, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան անդամներըգլխաւորութեամբ Տիգրան Կիւլմէզկիլի, Շիշլիի փոխ-Քաղաքապետ՝ Վազգէն Պարըն եւ բազմաթիւ այլ հիւրեր։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մէկ մէկ օրհնեց 2005-ի շրջանաւարտդասարանի աշակերտները, անձամբ յանձնեց դասարանի յաջողագոյնաշակերտ՝ Լեռնա Տէմիրճեանի շրջանաւարտութեան վկայականը։