ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ՕՐՀՆԵՑ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Kategori: Belgeler

104Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 2 Յուլիս 2005 Շաբաթ երեկոյեանմասնակցեցաւ Կեդրոնական Վարժարանի 2005-ի շրջանաւարտութեանհանդէսին, որ սարքուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ։

Հանդիսութենէն առաջ շրջանաւարտ դասարանի սաները այցելութիւն տուին Պատրիարքարան եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ նկարուեցան պարտէզին մէջ։ Այնուհետեւ, սաները Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդեցին Մայր Տաճար, ուր յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ ու աղօթք կատարուեցան Կեդրոնական Վարժարանի հիմնադիր Երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարքի շիրմին մօտ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ապա արտայայտուեցաւ Ներսէս Պատրիարքի անձին եւ ծառայութիւններուն մասին եւ շրջանաւարտներուն յորդորեց չմոռնալ անոր տեսիլքը՝ Կեդրոնական Վարժարանը։
Ապա սրահին մէջ սկսաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որուն ներկայէին այս տարուան շրջանաւարտները, իրենց ծնողներն ու ընտանեկանպարագաները, Կեդրոնական Վարժարանի ուսուցչաց կազմըգլխաւորութեամբ տնօրէնուհի՝ Սիլվա Մարկոսեանի, Գերյ. Հ. ՃոնՈւըլի, Վարժարանի հիմնադրի տեղակալ Կարպիս Պալմումճու, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան անդամները գլխաւորութեամբատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի, նախկին սաներ եւ բազմաթիւ այլհիւրեր։

Գեղարուեստական յաջող յայտագրի աւարտին, տնօրէնուհի Սիլվա Մարկոսեանի հանդիսավարութեամբ՝ շրջանաւարտ դասարանի քառասուն սաներուն յանձնուեցան իրենց վկայականները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուղերձով մը օրհնեց 2005-ի շրջանաւարտդասարանի աշակերտները… յաջողութիւն մաղթեց իրենց կեանքի բոլոր օրերուն ընթացքին, մաղթեց որ անոնք հաւատարիմ մնան Երանաշնորհ Յովհաննէս Կոլոտ եւ Երանաշնորհ Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքներու աւանդին, տէր կանգնին մեր սրբութիւններուն եւ նուիրական արժէքներուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը  ապա անձամբ յանձնեց դասարանի յաջողագոյն աշակերտ՝Սէրլի Մեծատուրեանի շրջանաւարտութեան վկայականը։