Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ տարեկան ուխտագնացութիւնը, այս տարի տեղի պիտի ունենար 6 Սեպտեմբերին։ Պատրիարքական Աթոռը, նկատի ունենալով վերջին շրջաններու ահաբեկչական յարձակումներն ու նահատակութիւնները, նաեւ Վանի եւ շրջակայից ապահովական միջոցառումները չխախտելու տրամադրութեամբ, որոշեց սոյն ուխտագնացութիւնը յետաձգել յետագայ թուականի մը։