Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր վախճանման տարեդարձին առթիւ, «ՀԱՅԹԵՐԹ»ի կայքէջի վրայ, 7 Մարտ 2021, Կիրակի, ժամը 19.30-ին, տեղի ունեցաւ առցանց յիշատակութիւն մը, ձօնուած՝ Աթոռոյս 84րդ Գահակալին։ Հանդիսութիւնը վարեցին՝ Ստանպուլէն՝ Թամար Քարասու եւ Նիւ Եորքէն Այտա Էրպալ։
Սոյն հանդիսութիւնը, իր յատկանշական բովանդակութեամբ կը ներկայանար, քանի հեռաւոր Ա.Մ.Ն-է մինչեւ Ստանպուլ տարբեր երկիրներէ անձեր, որոնք սերտ կապերով կապուած էին Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր, համացանցի դրութեամբ համամբուեցան եւ ներկայացուցին Մեսրոպ Պատրիարքի կեանքի տարբեր դրուագները։
Հանդիսութեան իրենց բարձր մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ն.Ս.Տ.Տ. Յունաց Պարթոլոմէոս Տիեզերական Պատրիարքը եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։
Հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան, Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Բրշ. Ռոյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշ, Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան, Իրաւաբան Անդրանիկ Ճինկէօզ, Փրոֆ. Տքթ. Արուս Եումուլ, Աննա Թուրայ եւ Սայաթ Տէլիճէ։
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր հոգւոյն խաղաղութեանը համար արտասանուած աղօթքներով։
Ապա, զրոյցի ղեկավարները յայտնեցին թէ՝ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր ծրագիրներէն մին եղած էր «ՀԱՅԹԵՐԹ»՝ առցանց լրատուական հարթակը։ Առ այդ, հարթակի պատասխանատուներ Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր հանդէպ երախտագիտական պարտականութիւն մը կատարելու տրամադրութեամբ կազմակերպած էին այս հանդիսութիւնը։
Տեսասփռուեցաւ Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքին ուղարկած սրտի խօսքը։ Նորին Սրբութիւնը գովասանական արտայայտութիւններով դրուատեց Մեսրոպ Պատրիարքը եւ յայտնեց թէ հիացած էր իր կարգ մը յատկութիւններուն։
Ապա, զրուցակիցներ կենդանի սփռումով արտայայտեցին իրենց սրտի խօսքը։
Նախ յանուն իր հօր՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, արտայայտուեցաւ Յարութիւն Աբեղան եւ ներկայացուց Պատրիարք Հօր մանկութեան եւ երիտասարդական տարիներէ դրուագներ։ Հայր Սուրբը, յայտնեց թէ Մեսրոպ Պատրիարքի ի տղայ տիոց բարեկամ, ապա գործակից եւ հուսկ առաքելակից դարձած է Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ.ի, որու վկայութիւնները պիտի փոխանցէր։ Առ այդ ներկայացուց թէ՝ էսաեանի գրասեղաններէն սկսեալ երկու հարազատ բարեկամ եղած են Մինասն (Մեսրոպ Պատրիարք) ու Պարոյրը (Գրիգոր Աւ. Քհնյ.)։ Այս բարեկամական միութիւնը ժամանակի ընթացքին առիթ եղած է, որ տեղի ունենան Պարոյր Սրկ.ի պսակադրութիւնը եւ ապա՝ քահանայական ձեռնադրութիւնը։ Հայր Սուրբը յիշեցուց թէ, ինք ականտեսը անշուշտ չէ եղած այս յիշատակներուն, սակայն ընտանեկան յարկէ ներս այնքան շատ յիշատակուած է որ, այլեւս իւրացուցած է։
Յաջորդաբար իր սրտի խօսքը արտասանեց Խաժակ Սրբազան, անդրադառնալով երիտասարդ Մինասի Մէմֆիսի մէջ ունեցած յիշատակներուն, երբ Սրբազան Հայրը որպէս վարդապետ այդ շրջանին կը պաշտօնավարէր Ա.Մ.Ն-ի մէջ։ Սրբազան հայրը առաջին հերթին յիշեց իրենց առաջին հանդիպումը, երբ Ս. Պատարագ մատուցանելու եւ հովուական այցելութիւն տալու համար պիտի փութար Մէմֆիս։ Այս մէկը առիթ եղած էր որ, առաջին անգամ զիրար ճանչնան եւ իրարու հետ խօսին եւ յաջորդ օրուան Ս. Պատարագի շարականներու փորձը կատարեն։
Խօսացկցութեան ընթացքին զգացած էր թէ՝ Մինասի մէջ եկեղեցական դառնալու կոչումը կար։ Երբ Պոլիս վերադարձաւ, Շնորհք Պատրիարքի նման անմոռանալի հոգեւորականի մը հովանաւորութեամբ գործելու բախտն ունեցած էր, ըստ որում Շնորհք Պատրիարք բառին իսկական առումով իրեն համար դարձած էր հայր մը։ Այլապէս երկարատեւ բարեկամութիւն մը հաստատուած էր, շարունակուած՝ մինչեւ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանումը։ Իր խօսքերու աւարտին յիշեցուց թէ, Մեսրոպ Պատրիարք աւանդական հիմքերու վրայ հաստատուած Հայ Եկեղեցին, աժմէականացնելու եւ ժողովուրդին առաւել եւս մատչելի դարձնելու փափաքն ունէր, առանց հեռանալու աւանդական հիմքերէն։
Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Ռոյ Սարկաւագ եւ յայտնեց թէ իր հոգեւոր ծննդավայրը եղած է Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։ Յիշեց, թէ առաջին անգամ ինչպէս մուտք գործած էր եկեղեցի եւ փոքրիկ դրական խօսք մը ինչպէս սիրցուցած էր եկեղեցին։ Իր պատանեկան, երիտասարդական յուշերուն մէջ միշտ եղած էր Մեսրոպ Պատրիարքը։ Առ այդ, Ռոյ Սարկաւագ եւս վկայեց թէ, Մեսրոպ Պատրիարք աղօթքի մարդ էր եւ խօսքերուն մէջ աղօթքին կարեւորութիւնն ու ազդեցութիւնը զգալի կը դառնար։ Տարբեր առիթներ, տարբեր զրոյցներու մէջ, միշտ ձեւով մը խօսքը կու գար Յիսուսի եւ քրիստոնէական ուսուցում մը կը յայտնուէր իրմէ։ Իր հիմնական նպատակը եղած էր ո՛չ թէ մոլեռանդ կրօնապաշտ անձեր հասցնել եւ կամ հոգեւորականներու գունդ մը պատրաստել, այլ առաջին հերթին Քրիստոնէական շունչով օծուն անհատներ հասցնել։ Իր գործունէութիւնը ցոյց կու տայ թէ, այս նպատակին կատարելապէս հասած էր, քանի հարիւրաւոր անձեր, երիտասարդներ եկեղեցւոյ եւ Քրիստոսի հետ ծանօթացած էին իր շնորհիւ։
Ապա, խօսք առաւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի շրջանաւարտներէն իրաւաբան Անդրանիկ Ճինկէօզ, որ Պատրիարքարանի յարկէն ներս գործակից եղած էր Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր։ Դպրեվանքի վարչութեան մէջ պաշտօն ստանձնելու ժամանակ, միեւնոյն ժամանակ Շնորհք Պատրիարքէ հրաւէր ստացած էր որպէսզի Պատրիարքարանի մէջ իրաբանական ծառայութիւն մատուցանէր։ 1984ի մերձաւոր շրջաններուն ծանօթացած էր Մեսրոպ Վարդապետի հետ, որուն մասին նախապէս ալ շատ լսած էր։ Բարենորոգութիւններ կատարած եւ այս բոլորին անհրաժեշտութեանց հաւատք ընծայած հոգեւորական մըն էր։ 1994ին Ա.Մ.Ն. մեկնելէ յետոյ, նամակագրութեամբ եւ կամ հեռախօսով շարունակած էր իրենց յարաբերութիւնը։
Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան, շարունակեց իր վկայութեանց, յայտնելով թէ առաջին անգամ Ս. Երուսաղէմի մէջ ծանօթացած էր Պատրիարք Հօր հետ։ Ինք, դրուատեց Մեսրոպ Պատրիարքի յատկութիւններէն ոմանք եւ ներկայացուց հետեւեալ ձեւով. «Ան Հայ Եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան ամենահամարձակ, սկզբունքային եւ հեռանկարային եկեղեցական առաջնորդներէն էր»։ Շատ երիտասարդ տարիքին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք դառնալով հանդերձ, շրջան մը յետոյ անհանգստացած էր։ Բայց եւ այնպէս կարճ ժամանակի մէջ ալ ըլլայ թեկուզ, եղած էր իսկական յաջորդներէն Պոլսոյ մեծանուն Պատրիարքներուն, որոնց գործունէութիւնը միշտ ներշնչման աղբիւր եղած էր Մեսրոպ Պատրիարքի համար։ Անընդհատ շեշտած էր Աւետարանի կարեւորութիւնը եւ իր փոխանցած՝ Աւետարանական գիտելիքներ, հոգեպէս կազմաւորելու համար շատերը»։ Իր խօսքերուն մէջ յիշեց, թէ երիտասարդական ուժը եկեղեցի ներգրաւելու եւ անոնց հետ լուրջ ծառայութիւն մատուցանելու շնորհքը օգտագործեց։
Յաջորդաբար, Փրոֆ. Տքթ. Արուս Եումուլ եւ Աննա Թուրայ արտայայտուեցան Մեսրոպ Պատրիարքի մտաւորական ու դիւանագիտական կարողութիւններուն մասին։ Ըստ իրենց, Պատրիարք Հայրը Հայ ժողովուրդը ծանօթացնելու միջոց եղած էր եւ իր տեսլականներէն մին արդէն իսկ այս մէկն էր։ Իր դիւանագիտական հանդիպումները երբ կը զարդարուէին մտապաշարով, իր անձին մէջ Հայ Եկեղեցին եւ Թուրքիոյ Հայ համայնքը տարբեր երեսակով մը կը ներկայանար համայն աշխարհին։ Իր հետ աշխատիլը մեծ երջանկութիւն էր եւ դաստիարակիչ, ուստի անոնք եւս երանութեամբ յիշեցին Մեր Հոգեւոր Պետը։
Հուսկ՝ Սայաթ Տէլիճէ կանգ առնելով Գնալը Կղզիի յիշատակներուն վրայ, ներկայացուց Պատրիարք Հօր երիտասարդներու հետ ունեցած սերտ յարաբերութիւնը։ Յիշատակեց նաեւ, որ իր տարեկիցներուն հետ միասին, Պատրիարք Հօր հովանիին ներքեւ համախմբուելու եւ ծրագիր մշակելու առիթն ունեցած էին։ Այս շրջագիծով, հիմնուած էր Երիտ Յանձնախումբը, որուն հովանաւորը եղած էր Պատրիարք Հայրը։ Ինք երիտասարդներուն սորվեցուցած էր հետաքրքրուիլ համայնքային կառոյցով եւ այս մէկը երբ կը կատարէր՝ կը յիշեցնէր թէ պէտք է ծանօթութիւն ունենան իրենց համայնքին մասին։ Տակաւին այսօր, իր ներկայութեամբ հաստատուած ընկերներ, որոնք այսօր ամուսնացած եւ զաւակներու տէր դարձած էին, տարբեր առիթներով կը շարունակէին յիշատակել Մեսրոպ Պատրիարքը։
Մասնակիցներու ուղիղ տեսասփռումներէն յետոյ, որպէս հուսկ բանք, տեսասփռուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր սրտի խօսքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախ խոստովանեցաւ թէ՝ Մեսրոպ Պատրիարքի մասին կարճ արտայայտուիլը շատ դժուար գործ մըն էր եւ զինքը ճանչցողներ երբ համախմբուին՝ օրերով ու ժամերով կրնան արտայայտուիլ։ Այս առիթով, շնորհաւորեց հանդիսութեան կազմակերպիչները եւ յայտնեց թէ Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը հաւատքի մարդ էր եւ իր գործունէութիւնը հաւատքէն ծնունդ առաւ։ Երբ Մեսրոպ Պատրիարք տակաւին աբեղայ էր եւ ինք ալ իր աշակերտը, ճանչցաւ լաւ ուսուցիչը, որ զօրաւոր հաւատքով իր շրջապատը փոխելու կարողութիւնը ունեցած էր։ Ինք օժտուած էր մարդիկ համախմբելու կարողութեան եւ իր հանդիպումները առիթ կը դառնային, որ մարդիկ բարեկամանային թէ՛ իր եւ թէ իրարու հետ։ Մեսրոպ Պատրիարք մնայուն պտուղ տուած էր, որուն որպէս հետեւանք այսօրուան Պոլսոյ Աթոռոյ Եկեղեցական Դասու հարիւրէն ութսուն եւ աւելի տոկոսը իր ձեռնասուններն են կամ իրմէ ազդուողներ։ Այսօր Պոլսոյ Աթոռի վրայ գտնուի Սահակ Բ. Պատրիարքը, որ ինք եւս աշակերտը եղած է Մեսրոպ Պատրիարքի։
Պատրիարք Հայրը շեշտադրեց թէ պէտք է պատմել Մեսրոպ Պատրիարքը եւ գրի առնել գիրքեր ու յօդուածներ իր մասին։ Պատրիարք Հայրը այս առթիւ աւետեց թէ, ի մօտոյ Պատրիարքական Աթոռէն լոյս պիտի տեսնէ Մեսրոպ Պատրիարքի ընծայուած յուշամատեան մը։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ, Մեսրոպ Պատրիարքի ամենէն սիրած երգերէն «Լեռներ հայրենի»ի եւ նկարներու տեսասփռումով։