Գալֆայեան Վարժարան, Սկիւտար

(Yenidersane sok. No: 16, Bağlarbaşı, 34664 Üsküdar)
Հիմնադիր՝ Թամար Գարասու Տնօրէն՝ Թամար Նէրկիզ
Հեռ.՝ (0216) 492-9781 ֆաքս՝ (0216) 495-7570
Ել-նամակ՝ kalfayan@ttmail.com Կայքէջ՝ http://www.kalfayan.k12.tr

Վարժարանին հիմնադիրն է Սրբուհի Մայրապետ Նշան-Գալֆայեան։ 1866ին հիմնուած վարժարանը մինչեւ 1900 ծառայած է որպէս որբերու պատսպարան եւ ձեռական աշխատութիւններու դպրոց։ 1900-էն մինչեւ 1928 թուական իր երդիքին տակ պատսպարած է որբուհիներ՝ զանոնք խնամելով մինչեւ իրենց ամուսնութիւնը։ 1928ին գիշերօթիկ վարժարանի վերածուելով շարունակած է իր գոյութիւնը։ Հալըճըօղլուի մէջ կառուցուած վարժարանը 1971ին Վոսփորի առաջին կամուրջի շինութեան առթիւ շրջանային ճանապարհներու բացման պատճառաւ ապասեփականացուելով կը փլցուի։ Վարժարանը կը փոխադրուի Սկիւտար։

Ներկայիս վարժարանի Սկիւտարի շէնքը կը ծառայէ որպէս ննջարան Գալֆաեանի աշակերտութեան։ Իսկ Գալֆաեան Վարժարանը կը գործէ Սկիւտարի Սէմէրճեան-Ճեմարան Վարժարանի շէնքին մէջ նախակրթութեան ու միջնակարգի բաժիններով։

ՍԷՄԷՐՃԵԱՆ – ՃԵՄԱՐԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, ՍԿԻՒՏԱՐ
1838ին Ճեմարան անունով կառուցուած վարժարանը, 1841ին որպէս հիւանդանոց գործածուած է։ 1846ին կրկին վերածուած է վարժարանի։ 1887ին ծագած հրդեհը հրոյ ճարակ դարձուց վարժարանի շէնքը։ Աւելի վերջ, 1911ին Լեւոն Սէմէրճեան անունով բարերար մը նոյն հողին վրայ կառուցանեց այսօրուան գեղեցիկ շէնքը եւ անունն ալ ՍԷմէրճեան Ճեմարանի փոխեց։

Վարժարանը կը գործէ մանկապարտէզի բաժինով։ Նոյն շէնքին մէջ կը գործէ նաեւ Գալֆաեան վարժարանը։

 

ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ-ԵՐՄՈՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, ՍԿԻՒՏԱՐ
Այս վարժարանը 1871ին քարուկիր շինուածքով կառուցուած է ճարտարապետ Գրիգոր Ներսէսեան ու վաճառական Առաքել Թաշճեանի բարերարութեամբ։ Վարժարանը նախապէս աղջկանց—տղոց համար երկու մասերէ բաղկացած էր եւ թաղին մէջ «քարէ դպրոց» անունով ծանօթ էր։ Աւելի վերջ՝ 1915ին երկսեռ ըլլալով շարունակած է իր գոյութիւնը։ Առաջին տնօրէնը եղած է Առնավութեան էֆէնտի, որ պաշտօնավարած է 1871էն մինչեւ 1890 թուականը։ 1916ին՝ Ա. Աշխարհամարտին փակուած է։ 1924ին նոր կանոնագրով մը վերսկսած է դասաւանդութեան։ Վարժարանի ներքին փայտաշէն կառոյցը ժամանակի ընթացքին հինցած ըլլալուն, 1972ին վերաշինուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի բարերարութեամբ։

Վարժարանը միջոց մը բաց պահուելով հանդերձ աշակերտի չգոյութեան պատճառաւ դասաւանդութիւն չէր կատարուէր։
Իսկ 2011թուականին փակուելով դադրած է գոյատեւելէ։