ԳԱՐԹԱԼԻ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ՍԵՄԻՆ

Kategori: Համայնքային

15 07 03 Kartal AMUԳարթալի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, 3 Յուլիս 2015, Ուրբաթ, ժամը 10.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Քաղաքէ հեռու եւ թաղի Հայ բնակչութեան թիւը նոսրացած այս աղօթատեղին աւելի քան երկու տարի փակուած էր պաշտամունքի, վերանորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ։

Ատենապետ՝ Յովհաննէս Սահակօղլու եւ իր ընկերները աւետեցին, թէ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքները արդէն իսկ աւարտման սեմին հասած էին։ Կատարուած աշխատանքներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ յետոյ, Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին օծման եւ պաշտամունքի վերաբացման հանդիսութեանց։ Նորին Սրբազնութիւնը, շնորհաւորեց թաղային խորհուրդի անդամները, որոնք դժուարին պարտականութիւն մը յաջողութեամբ պսակելու սեմին կը գտնուէին։ Յետ խորհրդակցութեան, որոշուեցաւ որ եկեղեցւոյ նաւակատիքի արարողութիւնը կատարուի  8 Օգոստոս 2015, Շաբաթ երեկոյեան։ Նորին Սրբազնութիւնը, տեղեկանալով եկեղեցւոյ պայծառութեան համար տարուած աշխատանքներուն իր գնահատանքը եւ հայրական օրհնութիւնը տուաւ թէ Թաղական Խորհուրդի անդամներուն եւ թէ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցած էին իրենց։ Ուրախութիւնը յայտնեց, թէ մեր ժողովուրդին սրտամօտիկ այս աղօթատեղին իր դռները պիտի բանար հաւատացեալներուն այս միասնական ջանքերուն արդիւնքով։ Յաջողութիւն եւ կարողութիւն  մաղթեց պատրաստական աշխատութիւններու մէջ։