Լուրեր

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀՌՈՄ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 5 Հոկտեմբեր 2021, Երեքշաբթի երեկոյեան Հռոմ մեկնեցաւ, մասնակցելու համար «Մարդիկ որպէս եղբայրներ եւ երկրագունդի ապագան․ կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» համաժողովին եւ միջեկեղեցական աղօթքին, որ…

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՏԱՐՄԱՆ
Ծանօթ է, թէ Քորոնա համավարակի տարածումը կանխարգելու նպատակաւ վերջին անգամ կառավարական որոշումով հրապարակուած սահմանափակումները 17 Մայիս 2021, Երկուշաբթի, ժամը 05.00-էն սկսեալ ենթարկուած են բարեփոխման։ Այս առումով Պատրիարքարանի Դիւանը Հոգեւորականաց Դասուն…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱԼԱԹԻԱՅԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 26 Մայիս 2021, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մալաթիայի Մայր Քաղաքապետ՝ Սէլահատտին Կիւրքանը։ Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Մալաթիա Հայտէր Միութեան անդամները։ Յարգելի Քաղաքապետը, վերջերս փափաքն ունեցած…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԹԻՒ
Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոեան իր հոգին աւանդած է Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ 25 Մայիս 2021, Երեքշաբթի միջօրէին։ Այս առթիւ, Ն.Ա.Տ Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը,…

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 24 Մայիս 2021, Երկուշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Մէսուտ Էօզտէմիրի։ Այցելուներ, երկար ժամանակէ ի վեր Պատրիարք…

ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ. «ՓԱՌՔ ԳԱԼՍՏԵԱՆ ՔՈ Ս. ՀՈԳԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾ» ԸՍԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ
Հոգեգալուստը, Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ կարեւորագոյն տօներէն մին է, որ ամէն տարի մեծ շուքով կը նշուի մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Սակայն, թագաժահրի (քորոնա) համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ այս տարի եւս կարելի չեղաւ ժողովուրդի մասնակցութեամբ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ 560 ՏԱՐԵԿԱՆ
Ըստ աւանդութեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան հիմնադրութեան տարեդարձը ամէն տարի կը նշուի Հոգեգալստեան Տօնին։ Թագաժահրի (քորոնա) համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ այս տարի եւս կարելի չեղաւ ժողովուրդի մասնակցութեամբ նշել այս պանծալի յիշատակութիւնը։ Իսկ…

ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 21 Մայիս 2021, Ուրբաթ առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական Ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանն ու խորհրդատու Նաղաշ Յակոբեանը, որոնք քաղաքավարական այցելութիւն տալու…

ՄԱԼԱԹԻԱ ՀԱՅՏԷՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Մայիս 2021, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մալաթիա Հայտէր Միութեան ատենապետ Նուրհան Կէզտիրիճին եւ վարչութեան անդամներէն Կարպիս Տուրասլանը, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուն եւ Գէորգ Էօզքարակէօզը։…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՃԱՐԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Մայիս 2021, Երկուշաբթի, ժամը 12.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան (ՀԱՅՃԱՐ) վարչութենէն ատենապետ Կիւլիւզար Արթուչը, Գէորգ Էօզքարակէօզը, Եսթէր Հապէշը, Սէրտա Պիրկիւլը…

ԳԱՐԹԱԼԻ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԱՀԱԿՕՂԼՈՒԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ
Համայնքային շրջանակներէ ներս, 12 Մայիս Չորեքշաբթի առաւօտ մեծ յուզում պատճառեց Գարթալի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ժրաջան ատենապետ Յովհաննէս Սահակօղլուի մահուան լուրը։ Թէ՛ վարչական կեանքէ եւ թէ եկեղեցական շրջանակներէ ներս,…

ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ
Համբարձման Տօնը այս տարի եւս տօնուեցաւ թագաժահրի (քորոնա) համավարակի սահմանափակումներու շուքին տակ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Համբարձման տօնը կը զուգադիպի Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի տարեկան տօնախմբութեան, սակայն համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ, ինչպէս…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Մայիս 2021, Հինգշաբթի, ժամը 15.30-ին այցելեց Յունաց Պատրիարքարան, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի եւ Արժ. Տ. Ներսէս…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏԻՆ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի եւ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանի, 6 Մայիս 2021, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին այցելութիւն…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻ ՄԷՋ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր հետ ունենալով Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, 5 Մայիս 2021, Չորեքշաբթի, առաւօտ մեկնեցաւ Անգարա, մասնակցելու համար Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի…