Լուրեր

ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ
Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 10 Ապրիլ 2021, Շաբաթ ժամը 12.00-ին համացանցային դրութեամբ գումարուեցաւ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Սոյն արտակարգ նիստին նկատի առնուեցաւ ՔՈՎԻՏ-19 Ժահրի համավարակի սաստկացման պարագաները, որ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԵՒ ԻՄԱՄՕՂԼՈՒ ԱՄՈԼԻՆ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան Արդարութեան Նախարար Մեծայարգ Ապտիւլհամիտ Կիւլի մայրը՝ Սալիհա Կիւլ, մահացաւ 9 Ապրիլ 2021, Ուրբաթ օր։ Այս առթիւ, Ն.Ա.Տ Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, Նախարար Ապտիւլհամիտ Կիւլին ցաւակցագիր ուղարկելով, յանուն…

ԱՍՈՐՒՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Ապրիլ 2021, Հինգշաբթի, ժամը 15.30-ին, հիւրընկալեց Ստանպուլի, Անգարայի եւ Իզմիրի Ասորւոց Առաջնորդ եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտը, որուն կ՚ընկերանար Ասորի Պատրիարքական…

ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ
Մեր հոգեւորականաց դասուն, համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի անդամներուն կը տեղեկացնենք, թէ Պատրիարքարանի պաշտօնեաներէն միոյն մօտ ստուգուած թագաժահրի վարակման պատճառաւ, նաեւ նկատի ունենալով օրուան առողջապահական ժխտական պայմանները,…

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 7 Ապրիլ 2021, Չորեքշաբթի առաւօտ ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ՝ Իսկենտէր Շահինկէօզն ու անդամներէն՝ Արէտ Քօրեանը։ Այցելուներ քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ փափաքած…

Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԵՐԿՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Ապրիլ 2021, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալեց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք Հայրը, որուն կ՚ընկերանային Գատըգիւղի նորանշանակ Էմմանուէլ (Ատամաքիս) Սրբազան Մետրոպոլիտը եւ Պատրիարքական Փոխանորդ…

ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏԱՌՄԱՆ
Ծանօթ է, թէ համավարակի պատճառաւ երկրի առողջապահական պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներով կարգ մը սահմանափակումներ կատարուած էին։ Նոյն սահմանափակումները կը շարունակուին նաեւ ներկայիս։ Այս սահմանափակումներուն պատճառաւ ներկայիս շաբաթ եւ կիրակի օրեր փողոց…

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, 6 Ապրիլ 2021, Երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին ընդունեց Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Սիմոն Չէքէմը եւ անդամներէն՝ Պէրրին Տայանը, որոնք Ս. Զատկի տաղաւարի առթիւ շնորհաւորեցին Նորին…

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. Յարութեան Տաղաւարը այս տարի եւս տօնուեցաւ Քորոնա Համավարակի սահմանափակումներուն շուքին տակ։ Հակառակ տիրող իրավիճակին, այս մեծ տաղաւարը արժանավայել ձեւով նշուեցաւ մեր եկեղեցիներուն մէջ եւ Պատրիարքական Աթոռէ ներս եւս մեծ…

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
«Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց. Նմա փա՜ռք յաւիտեանս» ։ (Ժամագիրք) ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ Այս ուրախ աւետիսով կ՚ողջունենք զիրար՝ հասած ըլլալով Ս….

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆՑ
Այսու, կու գանք մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի ուշադրութեան յանձնել, թէ պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներուն զուգահեռ Ս. Զատկի առթիւ եղած են հետեւեալ տնօրինումները. ա. Նկատի ունենալով համավարակի միջոցառումները, 4 Ապրիլ 2021, Կիրակիի համայնքային…

ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ԹԱՂՈՒՄ
«ԲՈԼՈՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԳԵՐԵԶՄԱՆԻ ՃԱՄԲՈՎ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ ԵՆ» ԸՍԱՒ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԸ Իսկ միւս կողմէ, ժամը 17.30-ին տեսասփռուեցաւ Թաղման Կարգը։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, միաբան հայրերու, քահանաներու եւ սարկաւագներու թափորով…

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ
«ՄԵՂՔԻՆ ԹՈՅՆԸ ԴՈՒՐՍ ՀԱՆԵՆՔ ՄԵՐ ԷՈՒԹԵՆԷՆ» ԸՍԱՒ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԸ Ուրբաթը, Քրիստոսի չարչարանքներով, խաչելութեամբ եւ թաղման յիշատակութիւններուն հետ ողողուած օրն է, որուն ընթացքին հաւատացեալներ ծէսին ընդմէջէն կը թափանցեն Քրիստոսի նեղութեանց։…

ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
«ԱՅՍ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ՊԱՏԿԱՆԻՐ ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԻՆ, ԱՅԼ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ՝ ԵՐԿՆՔԻ ԱՐՔԱՅՈՒԹԵԱՆ» ԸՍԱՒ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԸ Աւագ Շաբթուան ամենէն խորհրդաւոր արարողութիւններէն է՝ «Ոտնլուայ»ի արարողութիւնը, որ տեղի կ՚ունենայ Ընթրեաց Ս. Պատարագի երեկոյեան։…

Ս. ԶԱՏԿԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը Ս. Զատկի նախօրեակին շարունակեց իր գործունէութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է Աթոռոյս հսկողութեամբ եւ եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու…