Լուրեր

ԿԱՐՏԻՆԱԼ ՐԱՑԻՆԿԷՐ ՊԱՊ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ

ՍՏԱՆՊՈՒԼ (Լրաբեր, 19/04/2005) – Գերմանացի Կարտինալ Բարձրաշնորհ Եոզէֆ Ալոիս Րացինկէր 115 կարտինալներուն մէջէն ընտրուեցաւ որպէս Հռոմի 265-րդ Եպիսկոպոս եւ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներէն Ս. Պետրոս Առաքեալի 264-րդ Յաջորդ։ Կարտինալ Րացինկէր քահանայապետական…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԴԻՄԵՑ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը Ստանպուլի ԿուսակալՄուամմէր Կիւլէրին յղած 19 Ապրիլ թուակիր նամակով պահանջեց որ24 Ապրիլ 2005 Կիրակի ապահովութեան միջոցներ առնուին հայկական հաստատութեանց մօտ։ Նորին Ամենապատուութեան նամակին պարունակութիւնը հետեւեալն էր….

ԹԱՔՍԻՄԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ 75 ՏԱՐԵԿԱՆ

Թաքսիմի Էսաեան վարժարանի Ս. Յարութիւն ՄատրանԼուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի 75ամեակը նշուեցաւ ԲերայիՍ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր եւ աշխարհիկհանդիսութիւններով։ 17 Ապրիլ 2005, Կարմիր Կիրակիի արարողութեան նախագահեցՆ.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ս….

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԹԵՄԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը՝ 16 Ապրիլ 2005 Շաբաթ կէսօրէ առաջ ընդունեց Անկլիքան Եկեղեցւոյ Երուսաղէմի Թեմի ներկայացուցիչները Գնալը Կղզիի Պատրիարքարանին մէջ։ Անկլիքան Եկեղեցւոյ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ գործիչներէն շուրջ…

ՀԱՐՑԱԶՑՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՀԵՏ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 15 Ապրիլ Ուրբաթ, Գնալը Կղզիի Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Աքշամ օրաթերթի թղթակից ՊուրաքԱրթունէրը։ Ձայներիզէն քաղուած հարցազրոյցի հայերէն թարգմանութիւնը հետեւեալն է։ Թուրքեր եւ Հայեր ժողովուրդներ են որոնք…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, 15 Ապրիլ 2005 ուրբաթ կէսօրէ առաջ, Գնալը Կղզիի Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Գալֆաեան Տան Խնամակալութեան ատենապետ՝ Դանիէլ Անթիքաճեանը, փոխ-ատենապետ՝ Տքթ. Արտաշ Աքտաղը եւ Ատենադպիր՝ Արման Իւթիւճեանը։…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՆԻՍՏԻՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը՝ 13 Ապրիլ 2005 չորեքշաբթի ժամը 18.30-ին նախագահեց Պատրիարքական Աթոռի խորհրդականներու հերթական նիստին, որուն ատենապետեց Տիար Հրանդ Քալաթաշ։ Խորհրդակցութիւններ եւ գաղափարի փոխանակումներ կայացան ի մասին՝ թուրք…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ ՆՈՐ ԴԻՄՈՒՄ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԿԻՒՄԻՒՇԵԱՆ ԿՏԱԿԻՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը՝ նոր պաշտօնագիր մը ուղղեց Թուրքիոյ Վարչապետ՝ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին ի մասին Յովհաննէս Կիւմիւշեան կտակին, որուն դատը կը շարունակուի Վճռաբեկ Ատեանի մօտ։ 12 Ապրիլ 2005 թուակիր…

ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը՝ 11 Ապրիլ 2005 երկուշաբթի ժամը 11.30-ին, Գնալը Կղզիի Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Գափ թեմէն Պոլիս ժամանած քսան հոգինոց ուխտաւորներու խումբ մը։…

ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏԻՐԷՐ ՆԱԵՒԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս.Յարութեան Մեծ Զատկին ուրախութիւնը ապրուեցաւնաեւ Գնալը Կղզիի վրայ։ Բաւարար թիւով հոգեւորական չըլլալուն պատճառաւ 27 Մարտինկարելի չէր եղած տեղւոյն Ս. Գրիգոր ԼուսաւորիչԵկեղեցւոյ մէջ Ս….

ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀՌՈՄ ՀԱՍԱՒ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԻ ՍԱՐՔԱԾ ՀՈԳԵՃԱՇԻՆ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԸ

Հռոմի Քահանայապետ Երանաշնորհ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի յուղարկաւորութիւնն իսկ վերածուեցաւ քրիստոնէից միութեան նուիրուած համագումարի մը։ Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք Ուղղափառ, Կաթոլիկ կամ Բողոքական, քրիստոնէական բոլոր աւանդութիւններու պատկանող Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ հաւաքուեցան յիշատակը…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, 7 Ապրիլ 2005 Հինգշաբթիերեկոյեան Վատիկան կը մեկնի, ուղեկցութեամբ ՊատրիարքականԱթոռի միաբաններէն` գաւազանակիր Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբղ.Անուշեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը 8 Ապրիլ 2005 Ուրբաթառաւօտ կը մասնակցի Երանաշնորհ Յովհաննէս…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀՌՈՄԻ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԻՆ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, Երանաշնորհ Յովհաննէս-Պօղոս Բ Սրբազան Պապի վախճանմանառիթով ցաւակցական գիր ուղարկեց Հռոմի ՍուրբԱթոռի Կամերլենգօ (տեղապահ) սպանացի կարտինալ`Բարձրաշնորհ Արքեպիսկոպոս Էտուարտօ Մարտինէզ Սոմալոյին։ Նորին Ամենապատուութիւնը նամակին մէջ յիշեցԵրանաշնորհ Պապին…

ԹՕՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՓԱԿԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ՅԵՏՍ ԿՈՉԵՑԻՆ

Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ թաղայինխորհուրդի անդամներ` Նուպար Թումայեան, ՅակոբՈւզունօղուլլարը, Կարօ Քիւրքճիւկիլ, Լեւոն-Վարդուհեան Վարժարանի Տնօրէն` Անի Աքշէհիրլի,հիմնադիր` Տքթ. Եդուարդ Հարբութ փափաք յայտնեցիններկայանալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ 4 Ապրիլ,Երկուշաբթի ժամը 15.00-ին…