Լուրեր

ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Փետրուար 2020, Հինգշաբթի, Ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս՝ Հուլիան Թէօնին։   Մեծայարգ հիւրը, որ նոր ձեռնարկած է իր պաշտօնին, Պատրիարք Սրբազան…

ԶԵԿՈՅՑ

ՍԳԵՄԻ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆ   Այսու կը ծանուցանենք համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մեր համայնքի անդամներուն, թէ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահի 16 Դեկտեմբեր 2019 թուակիր ու 1838 համար հրամանագրով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն….

ՃՇԴՈՒՄ

Յետեւեալ ճշդումը ուղարկուած է նաեւ Մարմարա Օրաթերթի առ ի հրատարակութիւն Պատրիարքական Աթոռի Դիւանը ցաւով տեղեկացաւ Մարմարա Օրաթերթի 3 Փետրուար 2020, Երկուշաբթի օրուան թիւին մէջ լոյս տեսած «Պատրիարքարանը երէկ փայլեցաւ իր…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԻԿԻՈՅ ՔՈՆՍԹԱՆԹԻՆ Ս. ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Փետրուար 2020, Երկուշաբթի, ժամը 13.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Նիկիոյ Քոնսթանթին Ս. Մետրոպոլիտ Հարիսիատիսը։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ՝ Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց Պատասխանատու՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ….

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԽՏԱՒՈՐԱՑ ԽՈՒՄԲԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Փետրուար 2020, Երկուշաբթի, ժամը 15.30-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պոլսեցի ուխտաւորաց խումբը, որոնք Սաղիմական Ս. Ծննդեան Տօնակատարութեանց մասնակցելու համար փութացած էին Ս. Երուսաղէմ։ Հանդիպման ներկայ…

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրաւէրով երէկ  31 Յունուար 2020, Ուրբաթ, ժամը 17.00-ին կայացաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, մեր վարժարաններու եւ եկեղեցիներու երկրաշարժի դէմ տոկունութեան վիճակի կապակցութեամբ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ…

ԴԱՆԻԱՑԻ ՀԻՒՐԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 31 Յունուար 2020, Ուրբաթ, ժամը՝ 11.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Դանիայէն Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կրօնից եւ հաւատքի ազատութեան պաշտօնակատար Միքայէլ Սուրն ու Դանիոյ Դեսպանութեան քաղաքական գործիչ…

ԵԹՈՎՊԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԱՅՑԸ

Եթովպական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Շօա շրջանի առաջնորդ Գերշ. Ապունա Քէվստոս Եպս. Զէքարիաս, իր հետեւորդներուն հետ, 30 Յունուար 2020, Հինգշաբթի յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հանդիպումին…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Յունուար 2020, Չորեքշաբթի, ժամը՝ 14.30-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ա.Մ.Ն.ու Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոս Տարիա Տէրնըլը, որուն կ՚ընկերանար քաղաքական գործիչը:   Յարգելի հիւրերը, Հայոց Պատրիարքութեան եւ…

ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԱՅՑԸ

Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ ատենապետ՝ Սարգիս Քիւլէկէչի 29 Յունուար 2020, Չորեքշաբթի, ժամը՝ 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Հօր կողմէ։   Այցելուներ, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ շնորհաւորեցին Պատրիարք…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 28 Յունուար 2020, Երեքշաբթի, ժամը՝ 15.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Յունաստանի Աւագ Հիւպատոս Կէորկիա Սուլթանօփուլոն։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Աթոռոյս Դիւանապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ….

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՀԻՒՐԵՐ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 27 Յունուար 2020, Երկուշաբթի, ժամը՝ 16.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կրօնից Գործերու Խորհրդական՝ Ճան Քրիսթոֆ Փոսէլը, որուն կ՚ընկերանար Ֆրանսայի Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոսը՝…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԷՆԹԻ-ՄԷՆԹՕՐԻ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 27 Յունուար 2020, Երկուշաբթի, ժամը՝14.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մէնթի – Մէնթօր ծրագրի գործակից երիտասարդներ՝ Մէրի Թաքսի Տէվէճեան, Ժպիտ Էօղէր, Քարօլին Իւչէր Իչլիիւրէքը։ Այցելու երիտասարդներ, առաջին…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 27 Յունուար 2020, Երկուշաբթի, ժամը՝ 10-00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Կազդուրման Կայանի Վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Արի Չօլաքի։   Այցելուներ, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ շնորհաւորեցին Պատրիարք Սրբազան…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԵԼՔՈՆ ՔԱՐԱՔԷՕՍԷՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Յունուար 2020, Չորեքշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց ծանօթ ազգային գործիչ Մելքոն Քարաքէօսէն։   Հիւրը, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ շնորհաւորեց Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ յաջողութիւն…