Լուրեր

ՍՈՒՐԲԳՐՈՑ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 30 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց ԱՄՆ-ու մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն Սուրբգրոց Թանգարանի տնօրէն Էնտի Նիկմանը։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանի…

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբթուան առիթով, 25 Յունուար 2020, Շաբաթ, ժամը 18.00-ին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջեկեղեցական պաշտամունք, նախագահութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։   Ներկայ էին  Լատին Կաթոլիկ…

ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԱՌԹԻՒ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ

Վերջերս Էլազըղի մէջ պատահած երկրաշարժի գործած աւերները լուրջ ցնցումներ յառաջաջացուցած են հայրենակիցներու առօրեայ կեանքէն ներս։ Աւերիչ շարժը զգալի դարձած է նաեւ Մալաթիոյ եւ Սվազի մէջ եւս։ Պատրիարքական Աթոռը արդէն իսկ…

ՏՔԹ. ՄԱՐԻՕ ՌՈԿԷՆՊԻՒՔԷԻ ԱՅՑԸ

Յանուն Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ գործող Նէո-քաթեքիւմէն շարժումի Տքթ. Մարիօ Ռոկէնպիւքէ եւ ընկերակիցները, 24 Յունուար 2020, Ուրբաթ, ժամը 13.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։…

ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Թուրքիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, 24 Յունուար 2020, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հիւրին կ՚ընկերանար իր…

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՍԱՆԱՍԱՐԵԱՆ ԽԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Աթոռս վերահասու դարձած է, թէ Պատրիարքութեանս եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ տարակարծութեան առարկայ Սանասարեան խանի՝ վերանորոգութեան փոխարէն 35 տարիով վարձակալման նպատակով 28 Յունուար 2020 թուականին մրցոյթ (իհալէ) մը տեղի պիտի ունենայ…

ԱԼԻ ԷԼՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԱՅՑԸ

Իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլու, 23 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հիւրին կ՚ընկերանային իրաւաբաններ՝ Տալիթա Եոնթան եւ Առէն Տատըրօղլու։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ…

ՇԻՇԼԻԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Շիշլիի Մարմնամարզական Ընկերութեան վարչայինները, առաջնորդութեամբ Ատենապետ՝ Ալէն Թէքպըչաքի 23 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Ն. Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։   Այցելուները եկած էին շնորհաւորելու…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԱՔԻ ՎԻՆԿԱՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 17 Յունուար 2020, Ուրբաթ ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչներէն Լաքի Վինկասը։ Յարգելի հիւրը, փափաքն ունեցած էր անձամբ…

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՈՒ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Յունուար 2020, Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին, ընդունեց Գանատայի Անգարայի մօտ նորանշանակ Դեսպան՝ Ճամալ Քոքար եւ Աւագ Հիւպատոս Պրահիմ Աշութալը։   Այցելու Դեսպանն ու Հիւպատոսը եկած…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ ընդունեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի  այցելութիւնը։ Յետ միջօրէի կայացած այցելութեան Արհիապատիւ Տիրոջ կ՚ընկերանային Գերյ. Տ. Վարդան Ծ….

ՍԵՒԱԿ ՊԱԼԸՔՃԸԻ ԵՒ ՀՐԱՆՏ ՏԻՆՔԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

24 Ապրիլ 2011ին, զինուորական ծառայութեան ընթացքին աղիտալի կերպով սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի դատավարութեան մասին կայացած որոշումը մեր արդարութեան կարօտը մասամբ յագեցուցած է։ Հակառակ այն ճշմարտութեան, թէ սոյն որոշումով անհնար է Սեւակը…

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ «ԱՔՇԱՄ» ԹԵՐԹԻ 2 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 ԹՈՒԱԿԻՐ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԻ ՄԱՍԻՆ

2 Յունուար 2020 թուակիր Թրքական «Աքշամ» Թերթը հրապարակած էր Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ կատարուած հարցազրոյց մը, որուն մէջ արտայայտուած մի քանի նախադասութիւն որոշ ընկերային ցանցերու եւ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՒԱԳԱՆԻԻ ԿՈՂՄԷ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 14 Յունուար 2020, Երեքշաբթի, առաւօտ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի պաշտօնական այցելութիւն տալու համար մեկնեցաւ Անգարա։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերակցեցան՝ Պատրիարքական Աթոռոյ Կրօնական Ժողովոյ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՈՒՐՈՒՆՔԸՇԼԱՑԻՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 15 Յունուար 2020, Չորեքխաբթի, առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց խումբ մը Պուրունքըշլացի հայեր։ Հիւրերու շարքին էին՝ Յովսէփ Արզուման, Նազարէթ Էօզսահակեան, Նազար Պինաթլը, Տիգրան Ալթուն, Տօքթ. Մելքոն…