Լուրեր

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ զանգակները 12 Յունուար 2020, Կիրակի, առաւօտեան կանուխ ժամերուն ղօղանջեցին՝ առթելով հոգեւոր հրճուանքի տրամադրութիւն։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր անդրանիկ Սուրբ Պատարագին առթիւ ամբողջ համայնքը…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Տէր հովուեսցէ զիս եւ ինձ ինչ ոչ պակասեսցի:» (Սղ. 23.1) Յարգելի ներկաներ, Հայրեր եւ Եղբայրներ՝ Երբ մեր կեանքի յատուկ օրերուն հասնինք, ինչպէս այսօր՝ հաշուեյարդարն ալ կը սկսի ինքնաբերաբար. «Ինչո՞ւ համար…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՈՆԴԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՄԱՄԲ ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՏԱՑԱՒ ԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԻՒ

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ, ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՄԲՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԿԱՄՕՔՆ ԱԶԳԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ, ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՄԱԶԳԱԿԱՆ ՆԱԽԱՄԵԾԱՐ ԱԹՈՌՈՅ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԲՈՅ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԳԻՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ…

ԱՍԱՅԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ

«Ցուպ քո եւ գաւազան նոքա մխիթարեսցեն ինձ» (Սղ. 22.4)) Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայր, այս խօսքերը այսօր որքան իմաստ մը զգենուն։ Մերօրեայ ժամանակներուն ձեւական դարձած մեր կեանքը՝ գնայունին կառչած մեր ձգտումները…

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Սամաթիոյ ընտանիքը 10 Յունուար 2020, Ուրբաթ, երեկոյեան մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի համերգին համար։ Թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս համերգը, այս տարի առաւել եւս…

ՔՕԼՈՒՄՊԻԱ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, 9 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը 13.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Նիւ Եորքի Քօլումպիա Համալսարանէն աշակերկաց խումբ մը։ Անոնք Հայ համայնքի եւ Հայ Եկեղեցւոյ մասին հարցումներ…

ՎԻԳԷՆ ԱՐՔԵՊՍ. ԱՅԳԱԶԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԸՆՏՐԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՀԵՏ

Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան Թեմի Ուաշինկթընի թեմական պատուիրակ Գերշ. Տ. Վիգէն Արքեպս. Այգազեան, 9 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կու գանք տեղեկացնել մեր համայնքի ազնիւ անդամներուն, թէ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ Պատրիարք՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Հօր Գահակալութեան ու Պատրիարքական Անդրանիկ Ս. Պատարագի արարողութիւնները Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ…

ՏԻԿՆԱՆՑ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, իր մօտն ունենալով Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանն ու Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանը, 8 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի…

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Սրբազան Հայրը Ս. Ծննդեան Տօնին առթիւ,   6 Յունուար 2020, ժամը՝ 15.00-17.00-ի միջեւ   համայնքային եւ թաղային մարմիններու, Քոյր եկեղեցիներու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներու, քաղաքապետութեանց, կուսակցութեանց եւ քաղաքական…

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամեն. Ս.Պատրիարք Սրբազան Հայրը 6 Յունուար 2020, ժամը 15.00-17.00-ի միջեւ Ս. Ծննդեան Տօնի առթիւ, համայնքային եւ թաղային մարմիններու, Քոյր եկեղեցիներու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներու, քաղաքապետութեանց, կուսակցութեանց եւ քաղաքական գործիչներու շնորհաւորութիւնները պիտի…

ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ ամէն տարի կազմակերպուող Ամանորի եւ Ս. Ծննդան աւանդական համերգը այս տարի տեղի ունեցաւ 2 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ մասնակցութեամբ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 3 Յունուար 2020, Ուրբաթ, առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց խումբ մը Սեբաստացի հայեր։ Հիւրերու շարքին էին Սեբաստացի Հայերու Հայրենակցական Միութեան Ատենապետ՝ Սեպուհ Քօչաք, բնիկ Սեբաստահայեր՝…

ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Մանկանց աւանդական Ամանորեան խրախճանքն ու Կաղանդ Պապուկի այցելութիւնը այս տարի տեղի ունեցաւ 2 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ։   Պատրիարքական…