Լուրեր

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Նորակազմ Կրօնական Ժողովը, նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ Պատրիարք՝ ՆԱ.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Եպիսկոպոսի գումարուեցաւ 12 Դեկտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ։   Ժողովը բացուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքով։ Ապա ձեռնարկուեցաւ…

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Պատրիարքի ընտրութեան առթիւ կազմուած Ազգային Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ 11 Դեկտեմբեր 2019, Չորեքշաբթի, ժամը՝ 09.30-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ։ Ժողովին մասնակցեցան 102 աշխարհական ու 17 հոգեւորական…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Ընտրեալ Պատրիարքը 11 Դեկտեմբեր 2019, Չորեքշաբթի, յետ ընտրութեան Հրաշափառով մուտք պիտի գործէ Ս. Աստուածածին Մայր Տաճար՝ ժամը 17.00-ին։   Սիրով կը հրաւիրուին մերազն ժողովուրդի զաւակները սոյն արարողութեան…

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Պատրիարքի ընտրութեան առաջին քայլը՝ հոգեւորական պատգամաւորներու ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ 7 Դեկտեմբեր 2019, Շաբաթ երեկոյեան։ Այսօր՝ 8 Դեկտեմբեր 2019, Կիրակի, իրականացաւ ընտրութեան երկրորդ հանգրուանը՝ աշխարհական պատգամաւորներու ընտրութիւնը Թուրքիոյ…

ԹՕՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի, եւ Խորհուրդի Ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըի 04 Դեկտեմբեր 2019, Չորեքշաբթի ժամը՝ 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ…

ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Պէշիկթաշի Քաղաքապետ Ռըզա Աքփոլատի եւ կողակցին հիւրասիրութեամբ, 2 Դեկտեմբեր 2019, Երկուշաբթի, երեկոյեան, Պէշիկթաշի Four Seasons հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորեան ընդունելութիւն։ Սոյն ընդունելութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ ներկայ եղաւ՝ Պատրիարքական Աթոռոյ…

ՍՈՒՐԲ ԱՆԴՐԷԱՍԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ըստ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ աւանդութեան, Ս. Անդրէաս Առաքեալի յիշատակի օրը կ՚ընդունուի նաեւ իբրեւ Կ.Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան տօն։ Այս առթիւ 30 Նոյեմբեր 2019, Շաբաթ երեկոյեան, Թաքսիմ Ճէյլան Հիւրանոցին մէջ…

«ԿԱԼԷՐԻ ՊԻՐ ԶԱՄԱՆԼԱՐ»Ի ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Կազմակերպութեամբ «Կալէրի Պիր Զամանլար»ի եւ գործակցութեամբ Օրլանտօ Գալումէնոյի նկարներու արխիւին 28 Նոյեմբեր 2019, Հինգշաբթի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ բացումը ցուցահանդէսի մը՝ Հարպիյէյի մէջ։ Ցուցահանդէսը կը բաղկանար երկու մասերէ. Մնայուն բաժնին մէջ…

ԳԱԼՖԱՅԵԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Սկիւտարի Գալֆայեան խնամակալութեան անդամները, առաջնորդութեամբ Ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանի, 27 Նոյեմբեր 2019, Չորեքշաբթի, ժամը 15.30-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ՝…

ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻ ԱՅՑԸ

Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Զոհրապ Քհնյ. Ճիւանեանի, 28 Նոյեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը 15.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ…

ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊՏՈՅՏ-ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Թրքահայ Ուսուցչաց Միութեան կազմակերպութեամբ, այս տարի եւս 27 Նոյեմբեր 2019, Հինգշաբթի, տեղի ունեցաւ աւանդական պտոյտ-ճաշկերոյթը՝ Գուրուչէշմէյի ծովահայեաց ճաշարաններէն մէկուն մէջ։ Սոյն առթիւ հրաւիրուած էին Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս….

ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Փոքրամասնութեանց Վաքըֆներու Գրասենեակի կազմակերպած լուսանկարչական ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ 26 Նոյեմբեր 2019, Երեքշաբթի երեկոյեան, Ղալաթիոյ Կեդրոնական Վարժարանի հանդիսասրահին մէջ։ Ցուցահանդէսի նիւթն էր Թուրք, Հայ եւ Հրեայ ժողովուրդներէն, երեւելի եւ անցեալին հետք…

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Կէտիկփաշայի Ս. ՅովհաննէսԵկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի եւ Բ. Ատենապետ Մուրատ Էօզչէլիքի 26 Նոյեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ժամը 16.30-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական…

ՄԱՐԱԼ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 26 Նոյեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին ընդունեց Մարալ Միութեան վարչայինները՝ առաջնորդութեամբ Արման Տօնէրեանի։   Հիւրերը տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեանց ու ծրագիրներուն մասին։ Տեղապահ…

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԱՐՁԱՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

Պոլսոյ Պատրիարքարանի համալիրէն ներս, 23 Նոյեմբեր 2019, Շաբաթ, ժամը 16.00-ին, Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի տնօրինութեամբ ու նախագահութեամբ, Կոմիտաս Վարդապետի արձանի պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ։ Թէեւ սոյն…