Լուրեր

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու մեր համայնքի անդամներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրով 27 Հոկտեմբեր 2019, Կիրակի գիշեր կը մեկնի Մայր Աթոռ՝ մասնակցելու Գերագոյն Հոգեւոր…

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, եւ Խորհուրդի Ատենապետ Մէսուտ Էօզտէմիրի 25 Հոկտեմբեր 2019, Ուրբաթ ժամը՝ 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ…

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 22 Հոկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ժամը 19.30-ին ընդունեց Պատրիարքարանի Երիտասարդաց Յանձնախումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Ատենապետ Արի Չօլաքի։   Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան,…

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Կոմիտաս Վարդապետ, իր ծննդեան 150-ամեակին առթիւ, Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի նախաձեռնութեամբ, 18-19 Հոկտեմբեր 2019ին, «Յիշելով Կոմիտասը ծննդեան 150-ամեակին» խորագրեալ երկօրեայ հանդիսութիւններով  յիշատակուեցաւ։   Բացման հանդիսութեանց, նախագահեց Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ…

Ի ՄՕՏՈՅ ԾԻՐԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Յանուն Սահակեան Սանուց Միութեան Արման Պըչաքճը եւ յանուն Մխիթարեան Սանուց Միութեան Արսէն Քովան, 18 Հոկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը՝ 12.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի…

ՊԷՅՔՕԶԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի, 18 Հոկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը՝ 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի…

ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ՄԵՐ ԱՆՄԱՀԱՆՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ

8 Հոկտեմբեր 2019ին, Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ.Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, Առաջնորդարանի Արմէն Համբար սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ օգտաշատ գիտաժողով մը՝ «Հայ եկեղեցւոյ 20րդ. դարու ականաւոր հոգեւորականներ»…

ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ «ՀԱՅՖԷՍՏ»Ը

Ս. Թարգմանչաց Տօնին առթիւ, 12 Հոկտեմբեր 2019, Շաբաթ, Արամեան Սանուց Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայֆէստ»ը։ Յետ միջօրէին, փոքր թէ մեծ տարիքէ անհատներ մասնակցեցան սոյն գործունէութեան։ Այնուհետեւ, գծագրութեամբ, ձեռագործով, զանազան խաղերով…

ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՀՈՂԱԿՈՅՏԻՆ ՎՐԱՅ

Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներու Տօնին, 12 Հոկտեմբեր 2019, Շաբաթ, Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքը յիշատակուեցաւ, իր հողակոյտին վրայ։ Նկատելով որ Ս. Թարգանչաց Վարդապետաց Տօնը, նաեւ…

Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՏՕՆՈՒԵՑԱՒ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներու Տօնին, 12 Հոկտեմբեր 2019, Շաբաթ առաւօտ, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Արարողութեանց մասնակեցան, Հոգշ….

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ու Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեանի, եւ Խնամակալութեան Ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուի 14 Հոկտեմբեր 2019, Երկուշաբթի ժամը՝ 15.00-ին այցելեցին…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ ԽՕՍՔԸ

Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնակատարութիւնը իր արժէքով կը ներկայանայ բոլոր անոնց, որոնք գիտեն գնահատել Հայ գիրի ու գրականութեան ու անով ստեղծուած մշակոյթի մը արժէքն ու կարեւորութիւնը։   Աշնան եղանակին մեր կրթական…

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Գարակէօզեան Վարժարանի 5-7րդ դասարաններու աշակերտները 10 Հոկտեմբեր 2019, Հինգշաբթի միջօրէին ըստ նախապէս առնուած ժամադրութեան, այցելեցին Պատրիարքարան, գլխաւորութեամբ իրենց տնօրէնուհիին՝ Արուսեակ Գօչ Մօնէին եւ ուսուցիչներուն։   Քառասուն երկսեռ աշակերտ այցելեցին Պատրիարքարանի…

ԿԱՐՕ ՔԻՒՐՔՄԱՆԻ ԱՅՑԸ

Յայտնի բանասէր ու դրամագէտ Կարօ Քիւրքման 9 Հոկտեմբեր 2019, Չորեքշաբթի, ժամը 09.30-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։ Կարօ Քիւրքման Տեղապահ Սրբազան Հօր նուիրեց…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու մեր համայնքի անդամներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ Տօնին առթիւ 12 Հոկտեմբեր 2019, Շաբաթ առաւօտ, ժամը՝ 10.00-ին,   Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Հանդիսապետութեամբ՝…