Լուրեր

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Քարոզիչ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, Օգնական Երէց՝ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանի եւ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Մուրատ Էօղէրի 8…

ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ԱՐՁԱՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան մէջ, 5 Հոկտեմբեր 2019, Շաբաթ, ժամը 16.00-ին, Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի նախագահութեամբ, յայտնի երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի արձանի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ։ Մշակութային այս ձեռնարկին…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱԼԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

«ՀԱՅՃԱՐ»ի նախաձեռնութեամբ ամէն տարի, 5 Հոկտեմբերի մերձաւոր Շաբաթ օրը, կը յիշատակուին յայտնի ճարտարապետներու գերդաստան՝ Պալեան ընտանիքի անդամները։ Այս տարուան յիշատակութիւնները տեղի ունեցան 5 Հոկտեմբեր 2019, Շաբաթ, ժամը 11.30-ին, Սկիւտարի Ս….

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ԲԱՐՁՐ. Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան 1 Հոկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի օդային ճամբով մեկնեցաւ Մայրաքաղաք՝ ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը Ազգային Մեծ Ժողովի Նախագահ Փրօֆ. Տօքթ….

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, առաջնորդութեամբ Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի եւ Երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ գլխաւորութեամբ Ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի, 27 Սեպտեմբեր…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այսօր, Ստանպուլի մէջ պատահած երկրաշարժի առիթով մեր համայնքին եւ բոլոր Ստանպուլցի համաքաղաքացիներուն «անցեալ ըլլայ» կ՚ըսենք։ Ցարդ, վնասի, բլուզման եւ վիրաւորման մասին որեւէ տեղեկութիւն մը չէ հասած Պատրիարքական Աթոռին, ինչ որ…

ՉԷԽ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅՆԱՑՄԱՆ ՏՕՆԸ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան 25 Սեպտեմբեր 2019 Չորեքշաբթի երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ ընդունելութեան մը, որ տեղի ունեցաւ Չէխ Հանրապետութեան Ազգայնացման Տօնին առթիւ՝ Հիլթըն Հիւրանոցի սրահներուն մէջ։ Սոյն Տօնը…

ՄԱԼԹԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան 24 Սեպտեմբեր 2019 Երեքշաբթի երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ ընդունելութեան մը, որ տեղի ունեցաւ Մալթայի Ազգային Տօնին առթիւ։ Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ…

ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Երէց՝ Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Գոփարեանի եւ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուի 24 Սեպտեմբեր 2019, Երեքշաբթի ժամը՝ 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան…

ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Երէց՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի եւ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի 24 Սեպտեմբեր 2019, Երեքշաբթի ժամը՝ 10.00-ին այցելեցին…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ներքին Գործոց Նախարարութեան Կողմէ մեզի յանձնուած 85. Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հրանգի (Թալիմաթնամէ) վերաբերեալ Տեղապահի իմ կարծիքներս կ’ուզեմ բաժնել մեր հանրութեան հետ: Այս պետական Հրահանգով առանց պատրիարքի անցած 12 տարուայ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի հրաւէրով, 20 Սեպտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 10.30-ին, Պատրիարքարանի երդիքին տակ մէկտեղուեցան Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան եւ Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան անդամները։   Մէկտեղման…

ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ.ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Մարմարա Օրաթերթի նախկին փոխ խմբագրապետուհի եւ կրթական մշակ՝ Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, 19 Սեպտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին, այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս.ի…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, իր հետն ունենալով Դիւանապետ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ու Արժ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը 13 Սեպտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին այցելեց…

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԷՍԱԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

ԱԳ Կուսակցութեան Ստանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան, 12 Սեպտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը 13.00-ին այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս.ի կողմէ։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց…