Լուրեր

ԱՐԺ. Տ. ՊԱՐԹԵՒ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի Հոգեւոր Հովիւ, նախկին Ստանպուլահայ Արժ. Տ. Պարթեւ Աւ. Քհնյ. Գարագաշեան, որ իր տարեկան արձակուրդի առթիւ քաղաքս ժամանած է, ընկերակցութեամբ նոյնպէս նախկին Ստանպուլահայ Պետրոս Զօրլուի 12 Սեպտեմբեր 2019,…

ԳԱԼՖԱՅԵԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Սկիւտարի Գալֆայեան խնամակալութեան անդամները, առաջնորդութեամբ Ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանի 12 Սեպտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ…

ՀԱՇՈՒԱՊԱՀԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հրաւէրով 11 Սեպտեմբեր 2019, Չորեքշաբթի, ժամը՝ 19.00-ին մեր համայնքի հաշուի մասնագէտներ, ելմտական խորհրդատուներ ու հաշուապահներ մէկտեղուեցան Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Սոյն հաւաքին նկատի առնուեցաւ…

ՍԱՄԱԹԻՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 10 Սեպտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ձեռամբ Պատրիարաքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռոյ Լուսարարապետ…

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Ծոցի Երկիրներու Ընդհանուր Քարտուղար Հրայր Ճէպէճեան 9 Յուլիս 2019, Երկուշաբթի, Ժամը 14.00-ին ընկերակցութեամբ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Ստանպուլի Տնօրէն Թամար Քարասուի այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր….

ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Վերամուտ է կրկին:   Դպրոցական տարին վերսկսաւ ջերմ խանդավառութեամբ, յուզումներով ու անուշ եռուզեռով: Մարտահրաւէրը նոյնն է միշտ. Կարողանալ աւանդել սերունդէ սերունդ մեր մարդկայինն ու ազգային արժէքները՝ լեզու, կրօնք, մշակոյթ, տոհմային…

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՂԹԱՄԱՐ

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ   Աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու Ս. Պատարագը կատարուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին՝ 8 Սեպտեմբեր 2019, Կիրակի առաւօտ։   Անցեալ Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2019,…

ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան իր հետն ունենալով Պատրիարքարանի Դիւանապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, 5 Սեպտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը 14.30-ին այցելեց Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան մօտ…

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Սիմոն Չէքէմի, 3 Սեպտեմբեր 2019, երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ էր…

ԼԻՈՆՍ ՔՈՒԼԻՒՊԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Նախկին Պէշիկթաշի Լիոնս Քուլիւպի վարչայիններէն Ալի Պէրքէր Պիլիր, Օյա Կէնչ եւ Մելքոն Նէվշէհիրլի, 3 Սեպտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի…

ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 1 Սեպտեմբեր 2019, Կիրակի առաւօտ, հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով նշուեցաւ, Ներսէսեան Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 162րդ եւ վերակազմութեան 37րդ տարեդարձները նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր….

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ԲԱՐՁՐ. Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան 30 Օգոստոս 2019, Ուրբաթ օդային ճամբով մեկնեցաւ Մայրաքաղաք՝ ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը Հանրապետութեան Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի հրաւէրով եւ…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու մեր համայնքի անդամներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ 30 Օգոստոս 2019, Ուրբաթ, Յաղթանակի Տօնին առթիւ Պատրիարքարանը փակ պիտի ըլլայ։   ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

ՊԱՐԹԵՒ «ՄԵՍՐՈՊԱՇՈՒՆՉ» ԵՐԳԵՐՈՎ ԽԱՆԴԱՎԱՌԵՑ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Պոլսոյ ամենասիրուած ու յայտնի երգիչներէն Սահակ Պարթեւ Կարեան իր մօտն ունենալով տաղանդաւոր երաժիշտ՝ Ռոպէր Տօղանայը եւ երիտասարդ երաժիշտ՝ Ռաֆֆի Տէր Գէորգեանը, 28 Օգոստոս 2019, Չորեքշաբթի, ժամը 21.30-ին, Գնալը Կղզիի Ս….

«ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ՝ ԱՆԼՌԵԼԻ ԶԱՆԳԱԿԱՏՈՒՆ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՈԳԵՒՈՐԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻՆ

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 27 Օգոստոս 2019, Երեքշաբթի, ժամը 21.30-ին տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս Վարդապետ՝ Անլռելի Զանգակատուն» ներկայացումը, որ դարձաւ բացառիկ հանդիսութիւն մը։ Հանդիսութեան կը նախագահէր Պատրիարքական Տեղապահ…