Լուրեր

ԱՌՑԱՆՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ

Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր վախճանման տարեդարձին առթիւ, «ՀԱՅԹԵՐԹ»ի կայքէջի վրայ, 7 Մարտ 2021, Կիրակի, ժամը 19.30-ին, տեղի ունեցաւ առցանց յիշատակութիւն մը, ձօնուած՝ Աթոռոյս 84րդ Գահակալին։ Հանդիսութիւնը վարեցին՝ Ստանպուլէն՝ Թամար…

ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 4 Մարտ 2021, Հինգշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Մօտ Եւրոմիութեան Պատուիրակութեան անդամները, գլխաւորութեամբ՝ Դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրութի։ Դիւանագիտական հիւրերը, քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ փափաքած էին…

ԱԹՈՌՈՅՍ “HAY MENTEE-MENTOR” ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԱՍԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒԵՑԱՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 25 Փետրուար 2021, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց «HAY MENTEE-MENTOR» երիտասարդաց ծրագրի պատասխանատուները, որոնք ծրագրի Փետրուար ամսուան գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան։ Երիտասարդներ յայտնեցին թէ,…

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռոյս 82րդ, 83րդ եւ 84րդ գահակալներ՝ Շնորհք Եոզղատցի (Գալուստեան), Գարեգին Բ. Պոլսեցի (Գազանճեան) եւ Մեսրոպ Բ. Պոլսեցի (Մութաֆեան) պատրիարքներ, իրենց վախճանման տարելիցներուն առթիւ Ս. Պատարագով ու հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ներկայ էին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ…

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռոյս 82րդ, 83րդ եւ 84րդ գահակալներ՝ Շնորհք Եոզղատցի (Գալուստեան), Գարեգին Բ. Պոլսեցի (Գազանճեան) եւ Մեսրոպ Բ. Պոլսեցի (Մութաֆեան) պատրիարքներ, իրենց վախճանման տարելիցներուն առթիւ Ս. Պատարագով ու հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան…

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՔ-ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆՔ (1 – 28 Փետրուար)

1 – 28 Փետրուար – 1 Երկուշաբթի Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ժամը 13.00-ին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ մասնակցեցաւ Հէվէս Ուլիւթաշի յուղարկաւորութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 14.00-ին ընդունեց Աննա…

ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ ՄԵՐ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏՆԵՐԸ

Իրենց վախճանման տարելիցին առթիւ մասնաւոր Հոգեհանգստեան Պաշտօնով պիտի յիշատակուին Պատրիարքական Աթոռոյս 82րդ, 83րդ եւ 84րդ գահակալները՝ Շնորհք Պատրիարք Հայրը, Գարեգին Բ. Պատրիարք Հայրը եւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը։ 4 Մարտ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 2 Մարտ 2021, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, ընդառաջելով Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահութենէ եկած յատուկ հրաւէրին, օդային ճամբով մեկնեցաւ Անգարա։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերակցեցան՝ Հայ Համայնքի Հիմնարկներու Միութեան եւ…

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Մարտ 2021, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին, ընդունեց Գերմանիոյ Անգարայի մօտ Դեսպան՝ Ժիւրկէն Շուլցը։ Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Դեսպանին կողակիցը եւ Դեսպանութեան խորհրդական Փօլ Ամաննը։ Այցելու…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱԹ-7 ՀԵՌՈՒՍՏԱԿԱՅԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵՆԷՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 26 Փետրուար 2021, Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց ՍԱԹ-7 ԹԻՒՐՔ Հեռուստակայանի վարչութենէն՝ Մէլիհ Էքէնէրը, Ճիւնէյթ Արըքանը, Իւմիթ Թէյմուրն ու Գրիգոր Տինչքայըքճըն։ Հանդիպման ներկայ եղան,…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԸ

Օրհնութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր, երկարատեւ աշխատութենէ մը յետոյ լոյս տեսաւ, «Յուշամատեան Պէշիկթաշի» գեղատիպ ու շքեղ գիրքը, զոր գրի առնուած է Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ երբեմնի հոգեւոր հովիւ՝…

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՆՈՐԱՏԻՊ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԻՆԱԿԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 23 Փետրուար 2021, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ….

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՀՍԿՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Պոլսոյ մէջ տարիներ շարունակ գեղեցիկ աւանդութիւն եղած է, Մեծ Պահոց շրջանի Արտաքսման Կիրակիէն սկսեալ, Կիրակնօրեայ Հսկում կատարել եւ Բանին Կենաց քարոզութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ մատակարարել։ Նման Արեւագալի արարողութիւններուն, այս…

ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ

«ԻՒՆԷՍՔՕ»ի ներդրումով, 1999էն սկսեալ ամէն տարի 21 Փետրուարին աւանդութիւն դարձած է յիշատակել «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»ը։ Այս առիթով, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, պատգամ մը հրապարակեց եւ շնորհաւորեց «Մայրենի Լեզուի…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Պոլսոյ մէջ, տարիներ շարունակ Մեծ Պահոց շրջանին աւանդութիւն եղած է, քաղաքի զանազան եկեղեցիներուն մէջ Արեւագալի Արարողութիւններ կատարել եւ Բանին Կենաց քարոզութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ մատակարարել։ Այս գեղեկից աւանդութիւնը, այս…