Լուրեր

ՀԱՅՐԻ ԻՆԷՕՆԻԻԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Շիշլիի Քաղաքապետ Հայրի Ինէօնի, ընկերակցութեամբ Շիշլիի Քաղաքապետի օգնական Վազգէն Պարընի, 14 Սեպտեմբեր 2015, Երկուշաբթի, փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՊԱԽԱՐԱԿԵՑ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԴԷՊՔԵՐԸ

Վերջին երկու ամսուայ ընթացքին, Թուրքիոյ զանազան շրջաններու մեջ պատահած ահաբեկչական դէպքերուն առթիւ, Պատրիարքական Աթոռը, 10 Սեպտեմբեր 2015, Հինշգաբթի, մամլոյ հաղորդագրութեամբ, թարգման հանդիսացաւ Թուրքիոյ Հայ Համայնքի ցաւին։ Հաղորդագրութեան մէջ, յստակ կերպով…

ՀԷՅՊԷԼԻ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Այս շաբաթ, 6-9 Սեպտեմբեր թուականներու միջեւ, Հէյպէլի Կղզիի Յունաց Վանքին մէջ Յունաց Պատրիարքութեան եւ Եւորպայի Եկեղեցիներու Միութեան համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, նիւթ ունենալով կրօնքի եւ հաւատքի ազատութիւն։ Ժողովին ներկայ…

ՄԱՐԱԼ ԵՐԳԻ ՊԱՐԻ ԱՆՄԱՄՊԼԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Էսաեան Սանուց Միութեան վարչութենէն Մարիամ Տրամէրեան եւ Էսաեան Սանուց Միութեան «Մարալ» Երգի Պարի Անսամպլի պարուսոյց Կարպիս Չափքան, 8 Սեպտեմբեր 2015, Երեքշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ….

ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի, 7 Սեպտեմբեր 2015, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ…

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՆ ՓԷԼԻԹԻ ՄԷՋ

Հոգեւորականաց դասու անդամները,  գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ. Արքեպս. Աթէշեանի, 3 Սեպտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, հիւրընկալուեցան «Փէլիթ» ծաղարանի Էսէնեուրթի գործարանին մէջ։ Քաղաքական գործիչ Մուսթաֆա Սարըկիւլի կարգադրութեամբ եւ ծաղարանի գործատիրոջ…

ՍՈՒՐՈՒՉԻ ՄԷՋ ԱՊԱՍՏԱՆԱԾ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐ ԿԸ ՄԵԿՆԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Քօպանիէն փախուստ տալով Թուրքիա ապաստանած երէք հայ ընտանիքներէն երկուքը, այս շաբաթավերջին կը մեկնին Հայաստան։ Ինչպէս, նախապէս հաղորդուած է, երէք Հայ ընտանիքներ Սուրուչի ԱՖԱՏ (Աղէտի եւ անակնկալ դէպքերու կեդրոնի) վրանակերտ բնակավայրին…

ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՋՆՋՈՒԱԾ

Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ տարեկան ուխտագնացութիւնը, այս տարի տեղի պիտի ունենար 6 Սեպտեմբերին։ Պատրիարքական Աթոռը, նկատի ունենալով վերջին շրջաններու ահաբեկչական յարձակումներն ու նահատակութիւնները, նաեւ Վանի եւ շրջակայից ապահովական միջոցառումները չխախտելու…

ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԵԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնները այս շաբաթավերջին տեղի ունեցան մեծ ոգեւորութեամբ։ Արարողութեանց մասնակցելու համար, Պատրիարքական Ընդ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 15 Օգոստոս, Շաբաթ,մեկնեցաւ Հաթայ, ուր դիմաւորուեցաւ Հաթայի…

ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս՝ Մօնիքա Շըմութզ Քըրկէօզ, 12 Օգոստոս 2015, Չորեքշաբթի, միջօրէին, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Նորին Սրբազնութեան հրաւէրով, մեծայարգ…

«ՄԱՐՄԱՐԱ ԿՐՈՒՊՈՒ» ՀԻՄՆԱՐԿԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

«Մարմարա Կրուպու» Հիմնարկի Ատենապետ Տքթ. Աքքան Սուվէր, ընկերակցութեամբ՝ Լալէ Այթանչ Նալպանթ եւ Ճաֆէր Օքրայի, 11 Օգոստոս 2015, Երեքշաբթի, այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի…

ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՊՍԱԿ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԹԷԶԷՆԼԵԱՆԻ

Պատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասու երիցագոյն անդամ՝ Տ.Պսակ Աւ. Քհնյ. Թէզէնլեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 10 Օգոստոս 2015, Երկուշաբթի, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ։  Ս. Պատարագին հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր…

ՔԱՐԹԱԼԻ ԽՆԴՐԱԿԱՏԱՐ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Քարթալի Ս. Նշան Եկեղեցին, որ շուրջ երեք տարի վերանորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 8 Օգոստոս 2015, Շաբաթ, ձեռամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի պաշտամունքի…

ՀԱՆԳԻՍՏ ՏԷՐ ՊՍԱԿ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ԹԷԶԷՆԼԵԱՆ

Երեսունեւիննամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, երբեմնի հոգեւոր հովուին Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ, Սկիւտար Ս. Խաչ եւ հուսկ՝ Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ Եկեղեցեաց քաղաքիս եւ անդամուն Պատկ….

ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, իր հետ ունենալով Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, 4 Օգոստոս 2015, Երեքշաբթի, այցելեց Ստանպուլի Քաղաքապետ Քատիր Թօփպաշին։ Ներկայ էր նաեւ Քաղաքապետարանի Խորհրդականներէն…