Լուրեր

ՏԻԿՆԱՆՑ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Քաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ս. Ծննդեան առիթով, 8 Յունուար 2015, Հինգշաբթի, յետ միջօրէին հակառակ խստաշունչ օդին՝ այցելեցին Պատրիարքարան եւ դահլիճին մէջ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ….

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեանի, 8 Յունուար 2015, Չորեքշաբթի, ժամը 14.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական…

ՔՕԼՈՒՄՊԻԱ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՀԻՐԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Նիւ Եորքի Քօլումպիա Համալսարանէն Պատուելի ժէվէլնէլ Տէյվիսի գլխաւորութեամբ խումբ մը, 8 Յունուար 2015, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։ Անոնք…

ԹՈՒՐՔ-ՀԱՅ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ստանպուլի Համալսարանի եւ «Թուրք Օճաքլարը» միութեան համագործակցութեամբ 05 Յունուար 2015, Երկուշաբթի, համանուն համալսարանի մէջ սկսաւ 19-20րդ դարերուն Թուրք –Հայ յարաբերութիւններու շուրջ միջազգային համաժողովը։ Ընդառաջելով հրաւէրին համաժողովին մասնակցեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ

«Անբաւելին երկնի եւ երկրի. ի կուսական արգանդէ մեզ կեանք յայտնեցաւ, Աստուած այցելու մարդկան»։ (Շարական Աստուածայայտնութեան Դ. աւուր) Որքան քաղցր է Ամանորէն յետոյ տօնախմբել Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Իւրաքանչիւր Ամանորին, գոհութիւն եւ…

ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ ամէն տարի 3 Յունուարին կազմակերպուող Ամանորի եւ Ս. Ծննդան աւանդական համերգը այս տարի տեղի ունեցաւ Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ մասնակցութեամբ Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի եւ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՏՄԷՏ ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի, 2 Յունուար 2015, Ուրբաթ, յետ միջօրէին, մասնակցեցաւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի Տոլմապահչէ Պալատի մէջ սարքած ճաշկերոյթին։ Սոյն…

ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ԳՈՒՄԳԱԲԸԻ ՄԷՋ

Մանկանց աւանդական Ամանորեան խրախճանքն ու Կաղանդ Պապուկի այցելութիւնը այս տարի տեղի ունեցաւ 2 Յունուար 2015, Ուրբաթ, ժամը 15.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ։ Պատրիարքական Աթոռոյ…

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Հոգեւորականաց ամանորեան գոհաբանական աղօթքը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ, ժամը 16.00ին։ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասը հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Պատրիարքարանի անձնակազմը 31 Դեկտեմբեր 2014, Չորեքշաբթի, ժամը 14.00-ին, Ամանորի առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ համախմբուեցաւ աւանդական Ամանորի անուշապուրի սեղանի շուրջ։ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս իր…

ՄԻԱՑԵԱԼ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Միացեալ Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ դասուն նախագահ Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի, 30 Դեկտեմբեր 2014, Երեքշաբթի, ժամը 10.30-ին այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական…

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ. ԴՊՐԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը նշուեցաւ 28 Դեկտեմբեր 2014, Կիրակի, հանդիսապետութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան, ներկայ էր…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 26 Դեկտեմբեր 2014, Ուրբաթ, ժամը 12.30-ին այցելեց Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ վերջին տարիներուն Հայաստանցի մանուկներ եւ պատանիներ, ամէնօրեայ դրութեամբ…

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով 25 Դեկտեմբեր 2014, Չորեքշաբթի, շնորհաւորական այցելութիւններ տրուեցան քաղաքիս քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենադպիր Արժ….