Լուրեր

ԳԵՐՄԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Գերմանիայի Հաննովըր քաղաքէն խումբ մը ուխտաւորներ, 16 Հոկտեմբեր 2014, Հինգշաբթի, ժամը 14.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Հիւրերը, եկած էին քաղաքս, այցելելու…

ԳԵՐՄԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Գերմանիայէն խումբ մը ուխտաւորներ, որ կը պատկանէին Հէսսէն-Նասսաույի Աւետարանական Եկեղեցւոյ, 15 Հոկտեմբեր 2014, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Հիւրերը,…

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ քարոզիչ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ երէց Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի, 14 Հոկտեմբեր 2014, Երեքշաբթի, ժամը 16.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, 14 Հոկտեմբեր 2014, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեց Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքին։ Նորին Սրբազնութեան կ՚ընկերանային Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենադպիր Արժ. Տ….

Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԸ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնը, 11 Հոկտեմբեր 2014, Շաբաթ օր Ս. Պատարագի մատուցմամբ նշուեցաւ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան։ Արարողութեանց…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 9 Հոկտեմբեր 2014, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեց Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ վերջին տարիներուն Հայաստանցի մանուկներ եւ պատանիներ, ամէնօրեայ դրութեամբ…

ՄԱՐԱԼ ԵՐԳԻ ՊԱՐԻ ԱՆՄԱՄՊԼԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Էսաեան Սանուց Միութեան վարչութենէն Մարիամ Տրամէրեան եւ Էսաեան Սանուց Միութեան «Մարալ» Երգի Պարի Անսամպլի պարուսոյց Կարպիս Չափքան, 9 Հոկտեմբեր 2014, Չորեքշաբթի, ժամը 10.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝…

ԱՍՈՐԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Գերմանիայէն Ասորի ուսուցիչներէ բաղկացեալ խումբ մը, առաջնորդութեան՝ Ասորի քահանաներ Տ. Տ. Իսա Աճարի եւ Եուսուֆ Հարմանի, 2 Հոկտեմբեր 2014, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր….

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան 1 Հոկտեմբեր 2014, Չորեքշաբթի ժամը 14.30ին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Ստանպուլի մեծայարգ Կուսակալ Վասիփ Շահինի, որ վերջերս ձեռնարկած էր իր պաշտօնին։…

ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Անդէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի, 1 Հոկտեմբեր 2014, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր….

ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Պսակ Աւ. Քհնյ. Թէզէնլեանի, 30 Սեպտեմբեր 2014, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ….

ՊԷՅՔՕԶԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի, 30 Սեպտեմբեր 2014, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ….

ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՀՈՆԿ ՔՈՆԿ ՄԵԿՆԵՑԱՒ

Պատրիարքական Աթոռոյ Միջեկեղեցական – Միջկրօնական Բաժնի Վարիչ Գերշ. Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան, 29 Սեպտեմբեր 2014, Երկուշաբթի, յետ միջօրէի,  մեկնեցաւ Չինաստան։ Սրբազան Հայրը, պիտի մասնակցի Հոնկ Քոնկ Համալսարանի Սուրբ Յովհաննէս Քոլէճի…

ՀՐԷԻՑ ՆՈՐ ՏԱՐԻԻՆ ԱՌԹԻՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հրեայ համայնքին Նոր Տարւոյն՝ Ռօշ հա-Շանա Տօնին առիթով, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 29 Սեպտեմբեր 2014, Երկուշաբթի, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Խախամապետ Րաւ Իցխաք Հալէվային։ Նորին Սրբազնութիւնը…

ԹՈՓԳԱՓԸԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Թոփգաբըի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի, 26 Սեպտեմբեր 2014, Ուրբաթ, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի…