Լուրեր

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԸ ԶԱՐԴԱՐՈՒԵՑԱՒ

Ըստ աւանդութեան, Պատրիարքարանի տօնածառը այս տարի եւս զարդարուեցաւ։ Պատրիարքարանի Տիկնանց Կազմի անդամուհիներ, 19 Դեկտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան ու զարդարեցին տօնածառը եւ Պատրիարքարանի շքամուտքը։ Յետ միջօրէին, Տիկնանց կազմը եւ Պատրիարքարանի…

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Մխիթարեան Վարժարանի 6րդ եւ 7րդ դասարաններու աշակերտները, գլխաւորութեամբ վարժարանի նախակրթութեան բաժնի տնօրէն Գարեգին Պարսամեանի եւ փոխ-տնօրէն Թահսին Եըլտըրըմի, 19 Դեկտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, ժամը 13.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր…

ՇՈՒԷՏԻԱՅԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Շուէտիայի աւագ հիւպատոս՝ ժէնս Օտլնէտըր, 17 Դեկտեմբեր 2013, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Մեծայարգ հիւրը, որ նոր…

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, 16 Դեկտեմբեր 2013, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ….

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ժնեւ ուսանող, Եկեղեցիներու Համաշխարհային (WCC) Խորհուրդի անդամ աշակերտներէ բաղկացեալ խումբ մը, 12 Դեկտեմբեր 2013, Երեքշաբթի, ժամը 15.30-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։…

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեանի, 10 Դեկտեմբեր 2013, Երեքշաբթի, ժամը 13.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական…

ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հոլանտայի աւագ հիւպատոս՝ Ռոպէրթ Շուտտէպում, 10 Դեկտեմբեր 2013, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Մեծայարգ հիւրը, որ նոր…

ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ ՁՕՆՈՒԱԾ՝ ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ

Պատրիարքական Ս. Աթոռոյ երանաշնորհ գահակալներէն Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան 100 ամեակին ձօնուած հոգեւոր համերգը իրականացաւ 9 Դեկտեմբեր 2013, Երկուշաբթի գիշեր, քաղաքիս Սէնթ Անթուան Լատին Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր….

ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԿՈՄԻԿԵԱՆԻ

Պատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասու երիցագոյն անդամներէն՝ Տ.Ստեփան Աւ. Քհնյ. Կոմիկեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 6 Դեկտեմբեր 2013, Ուրբաթ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։  Ս. Պատարագին հանդիսապետեց ու…

ՀԱՆԳԻՍՏ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ԿՈՄԻԿԵԱՆ

Երեսունեւեօթնամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, երբեմնի հոգեւոր հովուին Հալըճըօղլուի Ս. Ստեփանոս, Ազգային Հիւանդանոցի Ս. Փրկիչ, Գումգաբու Դուրսի Ս. Յարութիւն, Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողոմէոս, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս, Ենիգիւղի Գիւտ…

ԹՕՓԳԱԲԸԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Թօփգաբըի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի, 28 Հոկտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս….

ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԵԿԱՆ

Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակը կը զուգադիպի ներկայ 2013 տարւոյս։ 2003ին Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը փափաքած էր նշել իր ծննդեան 90 ամեակը։ Այս հանգրուանը նշուեցաւ ծրագրուած ձեռնարկներով։ Պատրիարքական Աթոռս…

Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ ՍԵՒԱՆ ՊԸՉԱՔՃԸԻ

Մեր հոգեւորական դասուն, համայնքային եւ թաղային մարմիններուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին կը ծանուցուի, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ընդառաջելով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Աթէշեանի խնդրանքին, «Ս….

ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ ՏԱՆ, ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ԵՒ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Գալֆայեան Տան, Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ վարիչները, 22 Հոկտեմբեր 2013, Չորեքշաբթի օր, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։…

ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդին անդամները գլխաւորութեամբ ատենապետ Հրանդ Մոսգոֆեանի, 22 Նոյեմբեր 2013, Ուրբաթ, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այցելուները, յայտնեցին թէ…