Լուրեր

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս՝ Մուրիէլ Տօմէնաշ 22 Հոկտեմբեր 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Մեծայարգ հիւրը, որ նոր…

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Գատըգիւղի թաղային մարմիններու ներկայացուցիչները գլխաւորութեամբ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քհնյ. Տամատեանի, 20 Նոյեմբեր 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 10.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ….

ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՅՈՎՀԱՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՍՏԱՆՊՈՒԼԵԱՆԻ

Պատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասու երիցագոյն անդամ՝ Տ. Յովհան Աւ. Քհնյ. Ստանպուլեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 15 Նոյեմբեր 2013, Ուրբաթ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։  Ս. Պատարագին հանդիսապետեց…

ՀԱՆԳԻՍՏ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՍՏԱՆՊՈՒԼԵԱՆ

Քառասունեւչորեքամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, երբեմնի հոգեւոր հովուին Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս, Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողոմէոս, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս, Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ, եւ ի վերջնումն Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին…

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

 Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան փափաքով, 7 Նոյեմբեր 2013, Հինգշաբթի, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ յիշատակուեցաւ՝ Պատրիարքական Աթոռոյ երիցագոյն հոգեւորական՝ հոգելոյս Տ….

ԷՐՍԻՆ ՖԱԻՔԶԱՏԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

ՄԱԿԻ մօտ բարի կամեցողութեան դեսպան եւ արուէստագէտ Էրսին Ֆաիքզատէ, 5 Նոյեմբեր 2013, Երեքշաբթի, ժամը 16.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։…

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՇԱՀԱՆ Ս. ԱՐՔԵՊՍ. ՍՎԱՃԵԱՆԻ

1 Ս. Եկեղեցեաց բազմամեայ քարոզիչ՝ Տ. Շահան Ս. Արքեպս. Սվաճեանի վախճանման քառասնից լրման առթիւ, Ս. Պատարագի մատուցմամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ,1 Նոյեմբեր 2013, Ուրբաթ, Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, 31 Հոկտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, Ժամը 13.30ին պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լեհաստանի Հիւպատոսարան եւ ստորագրեց Լեհաստանի Աւագ Հիւպատոս Թատէոս Մազօվէճքի մահուան առթիւ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆՑ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակման 90-ամեակին առթիւ աւանդական հանդիսութիւններ տեղի ունեցան, որոնց իր մասնակցութիւնը բերաւ Պատրիարքական Աթոռը։ Ճէմալ Ռէշիտ Րէյ հանդիսասրահին մէջ 28 Հոկտեմբեր, Երկուշաբթի գիշեր տեղի ունեցաւ Մայր Քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած…

ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ԳԱԼՈՒՍՏ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԹԵՎԵԱՆԻ

Գուրուչէշմէյի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ նախկին երէցներէն՝ Տ. Գալուստ Աւ. Քհնյ. Թեւեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 25 Հոկտեմբեր 2013, Ուրբաթ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։  Ս. Պատարագին…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, կը մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 30 Հոկտեմբեր–8 Նոյեմբեր թուականներուն, Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը 24…

ՀԱՆԳԻՍՏ ՏԷՐ ԳԱԼՈՒՍՏ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ԹԵՒԵԱՆ

Քառասունեւութնամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, երբեմնի հոգեւոր հովուին Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ, Գուրուչէշմէ թաղի քաղաքիս եւ զկնի գաղթելոյ ի Ֆրանսա հոգեւոր պաշտօնէին ի շարս հոգեւորականաց դասու ի նոյն…

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ քարոզիչ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ երէց Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի, 22 Հոկտեմբեր 2013, Երեքշաբթի, ժամը 16.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան…

ԳԵՐՄԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Միւնիհի Լատին Կաթոլիկ Առաջնորդարանի Աստուածաբաններէն բաղկացեալ խումբ մը, 10 Հոկտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, ժամը 10.30-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։ Հիւրերը, Հայ Եկեղեցւոյ…

ԳԵՐՄԱՆ ՀԻՒՐԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Գերմանիոյ Հիւսիսային Րէն-Վէստֆալիա նահանգէն, IBB (Միջազգային մշակոյթի փոխ յարաբերութիւններ) հաստատութեան անդամերէ բաղկացեալ խումբ մը, 4 Հոկտեմբեր 2013, Ուրբաթ, ժամը 11.30-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ…