Լուրեր

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՏՐԱՊԻԶՈՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, 14 Օգոստոս 2013, երեկոյեան օդային ճամբով մեկնեցաւ Տրապիզոն։ Յոյն Եկեղեցին Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը կը կատարէ 15 Օգոստոսին։ Ինչպէս ծանօթ է, երեք…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան 5 Օգոստոս 2013, Երկուշաբթի վերադարձաւ քաղաքս։ Նորին Սրբազնութիւնը անցեալ 28 Յուլիս 2013, Կիրակի, մեկնած էր  Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին՝ մասնակցելու համար Գերագոյն…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, 28 Յուլիս 2013, Կիրակի, ուշ երեկոյեան օդային ճամբով  մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս, մասնակցելու համար Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովին։…

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Տիգրանակերտի թանգարանի ներկայացուցիչները, 24 Յուլիս 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան, եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ եղան նաեւ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ թաղային…

ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՃԱՄԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Իտալիոյ Մօլֆէթթա Ճեմարանի աշակերտներէն խումբ մը, գլխաւորութեամբ Մոնս. Լուիկի Ռէննայի, 22 Յուլիս 2013, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։ Ճեմարանականներ…

ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԱՅՑԸ

Ճինիշեան Հիմնարկի Ա.Մ.Ն-ու գրասենեակի պատասխանատու Էլիզա Մինասեան, ընկերակցութեամբ Ճինիշեան Հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչներուն, 17 Յուլիս 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 11.30-ին այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի…

ԽՕԶԷ ՌՈՏՐԻԿԷԶԻՆ ԱՅՑԸ

Փորթուկալցի գրող Խօզէ Ռոտրիկէզ, 12 Յուլիս 2013, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։ Մեծայարգ հիւրը յայտնեց որ կը ծրագրէ Կիւլպենկեան…

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՍԵԲԱՍՏԻԱ

Պատկառելի Կրօնական ժողովոյ ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Սեբաստացիներու Միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ուխտագնացութեան մասնակցելու համար, 05 Յուլիս 2013, Ուրբաթ առաւօտ մեկնեցաւ Սեբաստիա։ Մօտաւորապէս 250 Սեբաստացիներէ բաղկացեալ խումբը, երէկ…

ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնները տեղի ունեցան 7 Յուլիս 2013, Կիրակի, Պայծառակերպութեան Տաղաւարին, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ….

Ա.Մ.Ն.Է ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ա.Մ.Ն.ու Գալիֆորնիա նահանքի Սան Տիակո Համալսարանէն դասախօսներու խումբ մը, 4 Յուլիս 2013, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։ Հիւրերը, երեք…

ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանի վարչութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Կղզեաց տեսուչ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, 4 Յուլիս 2013, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ….

ՄԱԼԱԹԻՈՅ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ԱՂՕԹԱՐԱՆ ՄԱՏՈՒՌԸ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Մալաթիոյ Հայոց Գերեզմանատան աղօթարան մատուռը 29 Յունիս 2013, Շաբաթ երեկոյ կատարուած արարողութեամբ պաշտամունքի բացուեցաւ։ Այս առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Ուրբաթ առաւօտ օդային ճամբով…

Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեանի, 2 Յուլիս 2013, Երեքշաբթի, ժամը 16.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր….

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԾԻՍԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, 25 Յունիս 2013, Երեքշաբթի, առաւօտ օդային ճամբով  կը մեկնի Անթիլիաս, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս, Հայ Եկեղեցւոյ Ծիսական Յանձնախումբի ժողովին մասնակցելու համար։…

ՇՈՒԷՏԻԱՑԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Շուէտիայի, Սէօտէրթալժ նահանգի Սանքթ Իգնատիոս Աստուածաբանութեան Վարժարանի աշակերտներէն խումբ մը, գլխաւորութեամբ իրենց դասախօս Միքայէլ Հժալմի, 18 Յունիս 2013, Երեքշաբթի, ժամը 14.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ….