Լուրեր

ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ Ս. ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին անդամները գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիգրան Գէորգեանի, 17 Յունիս 2013, Երկուշաբթի, ժամը 09.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի…

ԷՅԻՒՊ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Էյիւպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Արթօ Արմանի, 12 Յունիս 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Թաղային…

ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռոյ նախաձեռնութեամբ, 12 Յունիս 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 18.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հիւրասիրուեցան համայնքային վարժարաններու աւարտական դասարաններու կրօնագիտութեան դասի յաջողագոյն աշակերտները, իրենց ծնողները, ուսուցիչներն ու տնօրէնները։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր….

ԲԱՐՁՐ. Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍ. ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Հայ Երուսաղէմի ընտրեալ Պատրիարք՝ Ն.Ա.Տ. Նուրհան Արքեպս. Մանուկեանի գահակալութեան հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 4 Յունիս 2013, Երեքշաբթի երեկոյեան։ Յանուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռոյ սոյն հանդիսութեան կը մասնակցի Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ…

ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ Ս. ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Ընդհանուր բարեզարդման աշխատանքները աւարտած ըլլալով, Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցին պաշտամունքի վերաբացուեցաւ 31 Մայիս 2013, Ուրբաթ, ժամը 15.00-ին, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան…

ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Ճինիշեան Հիմնարկի վարչութեան անդամներէն՝ Արփի Շատեան եւ Սէլլա Եարըճը, 31 Մայիս 2013, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այցելուները, յայտնեցին…

ՍԵԲԱՍՏԱՀԻՈՅ ՀԱՅԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Սեբաստիոյ Հայերու եւ Համակիրներու Միութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Սեպուհ Գոչաքի, 31 Մայիս 2013, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այցելուները,…

Ա.Մ.Ն.Է ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ա.Մ.Ն.ի Փէնսիլվանիա նահանգի Էլիկնի Քօլէճի աշակերտներէն խումբ մը, գլխաւորութեամբ իրենց դասախօսերուն, 30 Մայիս 2013, Հինգշաբթի, ժամը 09.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի…

ՓՐՕՖ. ՏՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԹԷՐԶԱՆԻՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻԻ ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգիսեանի հրամանագրով, 28 Մայիս 2013, Երեքշաբթի, գիտութեան, մշակոյթի, կրթութեան եւ այլ մարզերէն ներս իրենց ներդրումով ծանօթ անձնաւորութիւններ,արժանացան պետական պարգեւներու։  Այս առթիւ, աշխարհահռչակ աստղագէտ Փրօֆ. Տքթ. Յակոբ…

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻՆ ԿԸ ՄԵԾԱՐՈՒԻ

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներ՝ Խաչիկ Կէօքչէօղլու եւ Մելքոն Սահակօղլու, Թարգմանչաց Վարժարանէն՝ Ժէրմէն Քանթարճըօղլու, Մարալ Տէյիրմէնճիօղլու եւ Տիրուհի Պէրրինէ բաղկացեալ պատուիրակութիւնը, 27 Մայիս 2013, Երկուշաբթի, ժամը 13.00-ին այցելեց…

ԵԹՈՎՊԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՏԻՄԻԹՐՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Եթովպական Եկեղեցիէն Գերշ. Տ. Տիմիթրոս Եպիսկոպոսը իր հետ ունենալով Ստանպուլ բնակող Եթովպական Եկեղեցւոյ անդամները, 27 Մայիս 2013, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ԳԱՀԱԿԱԼՆԵՐԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՆ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռոյ հիմնադրութեան 552րդ տարեդարձին առիթով 25 Մայիս 2013, Շաբաթ, ժամը 16.00ին երեկոյեան ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս….

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԱՄՆԻ ՄԷՋ

Անատօլուի Մշակոյթի եւ Ճաշի Չորրորդ Փառատօնը տեղի ունեցաւ ԱՄՆի Լոս Անճելոս քաղաքին մէջ 16-19 Մայիս 2013 թուականներուն։ Փառատօնին մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ Միջկրօնական-Միջեկեղեցական…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԱՄՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Միջկրօնական-Միջեկեղեցական բաժնի վարիչ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի, 15 Մայիս 2013, Չորեքշաբթի առաւօտ, օդանային ճամբով կը մեկնի Ա.Մ.Ն., մասնակցելու համար «Լոս…

ԳԵՐՄԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Գերման Աւետարանական Եկեղեցիէն17 հոգինոց ուխտաւորաց խումբ մը, 14 Մայիս 2013, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։ Խումբին մաս կը կազմէին…