Լուրեր

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան գծով կազմուած յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններ 26 Հոկտեմբեր 2020, Երկուշաբթի ժամը 11.00-ին Պատրիարքարան այցելեցին եւ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան…

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ՆՈՐ ՏՆՕՐԻՆՈՒԹԵԱՆՑ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԱՌԹԻՒ

Ինչպէս ծանօթ է, 14 Հոկտեմբեր 2020 թուակիր եւ 12304 համար զեկոյցով մերազն ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան յանձնուած էր Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան Խորհրդակատարութեանց ու Յուղարկաւորութեանց արարողութիւններուն մասին զգուշացումներ։ Նոյն առթիւ…

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 25 Հոկտեմբեր 2020, Կիրակի նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Մանուկ Էօղէրի գլխաւորած թաղային խորհուրդը եւ եկեղեցւոյ քարոզիչ` Գերպ. Տ….

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 23 Հոկտեմբեր 2020, Ուրբաթ առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի եւ…

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 21 Հոկտեմբեր 2020, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ աւագ հիւպատոս՝ Ժօհաննէս Րէկէնպրէխթը։ Մեծայարգ հիւրը, որ Սեպտեմբեր ամսուան մէջ նոր ձեռնարկած է իր պաշտօնին, Պատրիարք Սրբազան…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈԻԵՑԱՒ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, 21 Հոկտեմբեր 2020, Չորեքշաբթի, երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Գարակէօզեան Վարժարանի Խնամակալութեան անդամներուն հետ: Ատենապետ` Տիգրան…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ՓՐԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, 20 Հոկտեմբեր 2020, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Ս….

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 Հոկտեմբեր 2020, Երկուշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Աւագ Հիւպատոս՝ Օլիվիէր Կաուվինը։ Մեծայարգ հիւրը, որ նոր ձեռնարկած է իր պաշտօնին, Պատրիարք Սրբազան Հօր քաղաքավարական այցելութիւն…

ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 18 Հոկտեմբեր 2020, Կիրակի նախագահեց Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Վազգէն Վարդանօղլուի գլխաւորած թաղային խորհուրդը եւ եկեղեցւոյ երէց` Արժ. Տ….

Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐԸ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Ինչպէս ծանօթ է ԱԳ Կուսակցութեան Ստանպուլի Երեսփոխան ու մտաւորական, սիրուած անձնաւորութիւն Մարգար Էսաեան 16 Հոկտեմբեր 2020, Ուրբաթ երեկոյեան իր մահկանացուն կնքեց հիւանդանոցին մէջ, ուր կը դարմանուէր՝ խոր սուգի մատնելով իր…

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 14 Հոկտեմբեր 2020, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ Ատենապետ՝ Մանուկ…

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 Հոկտեմբեր 2020, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ու Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան անդամները, գլխաւորութեամբ երէց՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի եւ…

ԶԵԿՈՅՑ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

Ծանօթ է թէ, Քորոնայի Համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները մեր եկեղեցիները վերաբացուած էին հաւաքական պաշտամունքի, նաեւ Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան Խորհրդակատարութեանց ու Յուղարկաւորութեանց արարողութիւններուն՝ հնազանդ մնալու պայմանաւ…

ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 11 Հոկտեմբեր 2020, Կիրակի նախագահեց Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Հրանդ Մոսքոֆեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդը եւ եկեղեցւոյ երէց` Հոգշ. Տ. Շնորհք…

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ եւ Աթոռոյ հոգեւորականաց դասու մասնակցութեամբ Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնի յիշատակութիւնը իրականացաւ, 10 Հոկտեմբեր 2020, Շաբաթ առաւօտ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ: Ս. Պատարագը մատոյց` Հոգշ….