Լուրեր

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ 100–ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻՆ

Գարակէօզեան Տան Խնամակալութիւնը որոշած էր նշել հաստատութեան հիմնարկութեան 100-ամեակը եւ այս ուղղութեամբ կազմած էր կարգադիր յանձնախումբ մը։ Յանձնախումբի անդամները, գլխաւորութեամբ իրենց ատենապետ Հայկ Ասլանեանի, 27 Փետրուար 2013, Չորեքշաբթի, Ժամը 16.00-ին…

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՔՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ՄԷՐՔԷԼԻ ՀԵՏ

Վարչապետ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղան իր պաշտօնական բնակարանին մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելինա Մէրքէլը։ 25 Փետրուար 2013, Երկուշաբթի երեկոյեան, կայացած ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ կրօնական համայքներու ներկայացուցիչները։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս հանդիպումին…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան 25 Փետրուար 2013, Կիրակի, ուշ երեկոյեան վերադարձաւ քաղաքս։ Նորին Սրբազնութիւնը անցեալ 17 Փետրուար 2013, Կիրակի, մեկնած էր Մայր Աթոռ  Ս. Էջմիածին՝ մասնակցելու…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, 25 Փետրուար 2013, յետ միջօրէին օդանային ճամբով կը մեկնի Անգարա։ Նոյն գիշեր, Վարչապետ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի կողմէ Գերմանիոյ Վարչապետ՝ Անկելինա Մէրքէլի…

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ԴԱՐՄԱՆՈՒԻ ԱԶԳ. ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ԽՏԱՑԵԱԼ ԲԱԺՆԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երկար ատենէ ի վեր կը վայելէ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի բժշկական դասուն խնամքը։ Նորին Ամենապատուութեան առողջական վիճակը կը շարունակէր մնալ կայուն ընթացքի մէջ։ Սակայն, անցեալ…

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԻՆ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ վախճանեալ գահակալներէն՝ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարք այս տարի եւս յիշատակուեցաւ Տեառնընդառաջի Տօնին, իր վախճանման տարեդարձի առթիւ։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 14 Փետրուար 2013 Հինգշաբթի, Ս….

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻՆ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 104րդ, իսկ երգչախումբի կազմութեան 81րդ կրկնակ տարեդարձները կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ նշուեցան 11 Փետրուար 2013, Կիրակի, Բուն Բարեկենդանին, հանդիսապետութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ….

ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ 5 Փետրուար 2013, Երեքշաբթի առաւօտ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի, իր շուրջն…

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՅՑԸ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ, Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ դասուն նախագահ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, 1 Փետրուար 2013, Ուրբաթ, այցելեց Պատրիարքարան եւ…

ԽԱԽԱՄ ԱԼՕՆ ԿՕՇՀԷՆ-ԿՕԹՇԹԷԻՆԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ

Երուսաղէմի Ելիայ Միջկրօնական Ինստիտուտի տնօրէն եւ դասախօս՝ Խախամ Ալօն Կօշհէն-Կօթշթէին եւ կողակիցը՝ Թէրէս, 30 Յունուար 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 12.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս….

ՍԻԼՎԱ ԿՈՄԻԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ԿՈՂՄԷ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի որոշումով եւ Պատրիարքական Ընդհ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի կողմէ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուան ոսկեայ շքանշանով պատուուեցաւ ասմունքող՝ Սիլվա Կոմիկեան։ 20 Յունուար 2013, Կիրակի առաւօտ, Ս….

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան առիթով, 14 Յունուար 2013, Երկուշաբթի, ժամը 18.00-ին, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջեկեղեցական պաշտամունք։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի տնօրինութեամբ արարողութեան հանդիսապետեց…

ՀՐԷԻՑ ԽԱԽԱՄԱՊԵՏԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հրեայ համայնքի հոգեւոր պետ Ռավ Իզհաք Հալէվա 14 Յունուար 2013, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին Ս. Ծննդեան Տօնը շնորհաւորելու համար այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս….

ԱՐԱՄ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ԿՈՂՄԷ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի որոշումով եւ Պատրիարքական Ընդհ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի կողմէ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուան արծաթեայ շքանշանով պատուուեցաւ համայնքիս “կրթասէր, մշակութասէր, գրասէր, բարեսէր ու եկեղեցասէր” դէմքերէն՝ Արամ…

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆԴԱՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ

Գանատայի Խորհրդարանի անդամ եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Պօպ Տէքէրթ, 13 Յունուար 2013, Կիրակի, ժամը 14.20-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի…