ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒԱՆՑ ՊԱՇՏՊԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ԸՆԹՐԻՔ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒԱՆՑ ՊԱՇՏՊԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ԸՆԹՐԻՔ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Մարդու իրաւանց պաշտպան Տիար Շերէֆ Մալքոչի կողմէ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն ի պատիւ սարքուած պաշտօնական ընթրիքին։ Սարըերի Կուսակալներու տան երդիքին տակ սարքուեցաւ այս ընթրիքը, որուն մեր համայնքէն մասնակցեցան նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Տիար Պետրոս Շիրինօղլու, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութեան Ատենապետ Փրոֆ. Տքթ. Թորոս Ալճան եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Յարութիւն Շանլը։ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը եւ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէն երեսուն ներկայացուցիչներ համախմբուեցան այս ընթրիքի սեղանին շուրջ։ Հրաւիրեալներու շարքին էին Հայ Կաթողիկէ հասարակութենէն Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Տիար Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տիար Մորիս Լեւի։

ombudsman 1

Սարըերի մէջ կազմակերպուած այս հաւաքին ընթացքին Շերէֆ Մալքոչ վերահասու դարձաւ ոչ-իսլամ փոքրամանութիւններու առկայ հարցերուն եւ քննարկումներ ծաւալուեցան անոնց լուծման հեռանկարներուն շուրջ։

Հարկ է նշել, որ մարդու իրաւանց պաշտպանի պաշտօնը հաստատուած է 2012 թուականին։ Այս պահու դրութեամբ, աշխարհի վրայ եօթ օմպուսմաններէն մին կը գործէ Թուրքիոյ մէջ։ Այս կառոյցին վիճակած առաքելութիւնն է երաշխաւորել ժողովուրդին իրաւունքները, իսկ անդամները կ՚ընտրուին Ազգային Մեծ Ժողովին կողմէ։

Երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին Տ.Տ. Պարթոլոմէս Ա. Պատրիարք կանգ առաւ Հէյպէլի կղզիի յունաց դպրեվանքի վերաբացման հարցին վրայ։ Ան խօսեցաւ նաեւ յունաց համայնքային հաստատութիւններու ընտրութեան պարագային առկայ արգելքներու մասին։

Իր կարգին, Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան անդրադարձաւ թրքահայ համայնքի առաջնահերթութիւններուն։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ Պատրիարքական Աթոռը եւ ընդհանրապէս մեր համայնքը լիարժէք ինքնակառավարման դրութենէ մը զրկուած են՝ պաշտօնական կարգավիճակէ, իրաւաբանական անձ ըլլալու հնարաւորութենէ զուրկ ըլլալու հետեւանքով։ Նորին Սրբազնութիւնը արտայայտուեցաւ նաեւ Պատրիարքարանի նիւթական օժանդակութիւններու վերաբերեալ դժուարութիւններուն մասին։

Բոլոր ներկաները մի առ մի խօսք առնելով բացատրեցին իրենց ակնկալութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուն ալ արտայայտուեցաւ ներկայ կառավարութեան կողմէ փոքրամասնութիւններուն ի նպաստ կատարուած դրական կարգադրութիւններուն մասին եւ յիշեցուց արձանագրուած զարգացումները։

Տիար Շերէֆ Մալքոչն ալ ընդգծեց, որ իրենք գործադիր իշխանութիւններու բոլոր քայլերը կ՚արժեւորեն՝ մարդու իրաւանց վրայ խարսխուած արդարութեան ըմբռնումի մը լոյսին տակ։ Այսինքն, հանրային ոլորտի վերաբերեալ կարգադրութիւնները կը վերահսկուին մարդու իրաւանց պաշտպանի գլխաւորած կառոյցին կողմէ։ Տիար Մալքոչ բացատրեց, որ Թուրքիոյ վերջին տասնհինգ տարուան ընթացքին կարեւոր զարգացումներ արձանագրուած են եւ այս երեւոյթը ի զօրու է նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու պարագային։ Ձեռքբերումներ եղած են իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ, ժողովորդավարութեան եւ մարդու իրաւանց ամրապնդման տեսակէտէ։ Ան բացատրեց, որ այս ամբողջ դրական մթնոլորտը կը թունաւորուի ահաբեկչութեան հետեւանքով։ Արդարեւ, եթէ Թուրքիոյ մէջ չըլլային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու արարքները, եթէ չպատահէր 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման փորձը, ապա երկիրը իրաւունքներու եւ ազատութիւններու տեսակէտէ շատ աւելի տարբեր հարթութեան մը վրայ կրնար ըլլալ։ (20.02.2018)