Ծանօթ է, թէ համավարակի պատճառաւ երկրի առողջապահական պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներով կարգ մը սահմանափակումներ կատարուած էին։ Նոյն սահմանափակումները կը շարունակուին նաեւ ներկայիս։ Այս սահմանափակումներուն պատճառաւ ներկայիս շաբաթ եւ կիրակի օրեր փողոց ելլելու արգելք յայտարարուած է պաշտօնապէս։
Տիրոջ օրը, հրամայուած է սուրբ պահել եւ յատկացնել՝ Աստուծոյ անունին փառք կարդալու։ Սակայն, ցարդ Աստուածային պաշտամունքը դժբախտաբար խափանուած կը մնար սահմանափակումներու առթած վիճակին բերմամբ։
Ծանօթ է, թէ մեր եկեղեցիներու հոգեւոր պաշտօնեաներ եւ իրենց անմիջական ծառայողները թոյլատրուած են եկեղեցիներու մէջ պաշտամունք կատարել։ Այս առումով եկեղեցւոյ երէցներ ու թաղային խորհուրդներ հոգեւոր պաշտօնեաներու եւ իրենց անմիջական ծառայողներու հանգամանքները ճշդող յատուկ վաւերագրեր կը պատրաստեն, ուղղեալ՝ առ որոց անկ է։ Արդէն իսկ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ այս կիրարկուած էր վերջին Աւագ Շաբթուան եւ Սուրբ Զատկի տօնակատարութեանց առթիւ։
Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, այսու կը հրահանգուի մեր եկեղեցիներու երէցներուն, որոնք ի ձեռին ունենալով վերոյիշեալ վաւերագրերը, Կիրակի օրեր իրենց պատասխանատուութեան յանձնուած եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ մատուցանեն, իրենց անմիջական ծառայողներու մասնակցութեամբ։
Նաեւ կը թելադրուի, որ եկեղեցւոյ երէցներ իրենց պատասխանատուութեան յանձնուած եկեղեցիներու շաբթուան ուխտի օրերուն եւս ըստ նախընթացի շարունակեն Ս. Պատարագ մատուցանելու դրութիւնը։
Այսու կը յիշեցնենք նաեւ, թէ սահմանափակումներէ դուրս մնացած օրերուն հաւատացեալներ կրնան մասնակցիլ կատարուած արարողութեանց, հնազանդելով սահմանուած առողջապահական դրութեան. դնջակապի եւ հականեխիչի գործածութիւն եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանում։ Նաեւ հաւատացեալներ պէտք է եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու լիազօրած պատասխանատուներուն դիւրութիւն ընծայեն համավարակի հետապնդման համար կատարելի արձանագրութեան համար։
Վստահ ենք, թէ Նորին Ամենապատուութեան սոյն տնօրինութիւնը, որ կը միտի Աստուածային պաշտամունքի շարունակականութիւնը ապահովել, ամենայն նախանձախնդրութեամբ պիտի կիրարկուի մեր եկեղեցիներուն մէջ, Աստուծոյ փառքին, եկեղեցիներու շինութեան եւ հաւատացեալներու մխիթարութեան համար։
Դիւան Պատրիարքական Աթոռոյ
6 Ապրիլ 2021
12480