ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Համայնքային,Փաստաթուղթեր

137320657_1747674488725760_2521845086233754794_o

Ինչպէս ծանօթ է, 2 Սեպտեմբեր 2020 թուականին կոչ ուղղած էինք մեր համայնքի անդամներուն, որպէսզի իրենց կարելիութիւնները կեդրոնացնէին մեր համայնքային վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներու համակարգիչ մը յատկացնելու նպատակաւ։

Մեր համայնքային վարժարաններէն հասած ընդհանուր կարիքն էր 219 համակարգիչ։ Սոյն նպատակաւ գոյացած գումարներով 18 Սեպտեմբեր 2020, Ուրբաթ (այսօր) 178 համակարգիչներ արդէն յանձնուած են վարժարաններուն։ Մեր աշակերտները տակաւին կարիքը ունին 41 համակարգիչներու։

Պէտք է շեշտել, թէ աշակերտներուն տրամադրուած համակարգիչները ունին հետեւեալ մասնայատկութիւնները՝ (INTEL I3.3Gen 8 GB RAM 500 GB HD 19.5″ Monitörlü Masa Üstü Bilgisayarı + Speaker + Kamera + USB Wifi)

Այս ուղղութեամբ կարելի է գնել նոր համակարգիչ մը ու նուիրել զայն Պատրիարքարան կամ գումարը փոխանցել հետեւեալ հաշիւներուն՝ օգտագործելու համար նոյն նպատակաւ, որ է 1.500,00 ԹԼ։

Դիմել Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի Ատենապետ՝ Խաչիկ Ճանէլի՝ հեռ – 0533 415 5018 կամ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի՝ հեռ 0532 272 9216 համարներուն։

TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİKLİĞİ
TL HESABI IBAN
TR81 0006 4000 0011 0320 6373 86
TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİKLİĞİ
USD HESABI IBAN
TR22 0006 4000 0021 0323 3693 81
TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİKLİĞİ
EUR HESABI IBAN
TR97 0006 4000 0021 0323 3848 12
USD ve EUR hesapları için :
Türkiye İş Bankası, Kurtuluş Şb.
SWIFT CODE : ISBKTRISXXX

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ