ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային

13012716_567908366702384_2239474667482051727_n13048082_567908490035705_7699829122136803718_oՊատրիարքական Աթոռոյ երանաշնորհ գահակալներէն Շնորհք Պատրիարք, իր վախճանման 25-ամեակին առթիւ յիշատակուեցաւ, հոգեւոր համերգով, Ս. Պատարագով ու հոգեհանգստեան աղօթքներով։ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ կատարուած յատկանշական հանդիսութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները։

Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի վախճանման 25-ամեակի առթիւ հոգեւոր համերգը տեղի ունեցաւ 16 Ապրիլ 2016, Շաբաթ, ժամը 20.30-ին, Ս. Աստուածածին Մայր Տաճարի յարակից Ս. Որդւոց Որոտման Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի։ Պատրիարքական Աթոռոյս հոգեւորականաց դասուն առընթեր, ներկայ էին Ս. Էջմիածինէն՝ Գերշ. Տ. Գէորգ Եպս. Սարոյեան, Հոգշ. Տ. Ռուբէն Վրդ. Զարգարեան եւ Հոգշ. Տ. Պարթեւ Վրդ. Բարսեղեան, Անթիլիասէն՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տոնոյեան, Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխըրտըմեան, Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան եւ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Աբղ. Շարոյեան, Մխիթարեան Միաբանութենէն՝ Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։

12998252_567908373369050_5713630764380052303_oԲացման խօսքով հանդէս եկաւ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու կատարեց հանդիսավարութիւնը։

12984012_567908680035686_1884754042385743777_oՀանդիսութեանց առթիւ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն իր օրհնութեան խօսքը ուղարկած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Տ. Գէորգ Եպիսկոպոս, կարդաց Նորին Սրբութեան Հայրապետական ուղերձը։ Գրութեան մէջ կը յիշատակուէր Շնորհք Պատրիարքի անցեալը, գործունէութիւնը, ժողովուրդէն գտած համակրանքը։ Սոյն հանդիսութիւնը, մեծ հոգեւորականի մը յիշատակութեան համար, լաւ առիթ կը դառնար։

Վեհափառ Հայրապետը, կանք առնելով մանուկ Արշակի պատանեկան դժուարին օրերուն կ՚ըսէր. «Արհաւիրքներէն հրաշքով փրկուած տասնամեայ Արշակ Գալուստեանը ապաստան գտաւ Ամերիկեան Որբանոցի մէջ։ Ապա ընդունուեցաւ Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Ժառանգաւորաց վարժարան ու նուիրուեցաւ Աստուծոյ ծառայութեան, աւարտին յանձն առնելով կուսակրօն քահանայի լուծը։ Շնորհք Պատրիարքը տասնամեակներ շարունակ նուիրումով ու իրեն յատուկ իմացութեամբ հոգեւոր հայր ու բարեխնամ սպասաւոր եղաւ Երուսաղէմի, Անգլիոյ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Պոլսոյ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Բոլոր հանգամանքներով՝ տեսուչ, հովիւ, առաջնորդ եւ Պատրիարք, Ան իր ամբողջական սիրով ծառայեց մեր ժողովուրդի ազգային ու հոգեւոր կեանքի պայծառութեանը, օրինակ ըլլալով հաւատացեալներուն»։

Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Երանաշնորհ Պատրիարքի գրչի գործերուն կ՚ըսէր.«Երանաշնորհ Պատրիարքը ազնիւ խօսքի քարոզութիւնը ծառայեցուց նաեւ իր բեղուն գրչով։ Անոր քանի մը տասնեակ աշխատութիւնները բազմաթիւ վերհրատարակութիւններ ունեցան Պոլսոյ, Մայր Աթոռի եւ հայաշատ այլ կեդրոններու մէջ»։

https://www.facebook.com/127576530735572/videos/vb.127576530735572/568602053299682/?type=3&theater

Ուղերձէն յետոյ, հերթաբար բեմ բարձրացան Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ անդամներէն՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Ժամանակ Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր՝ Արա Գօչունեան եւ Մարմարա Օրաթերթի Խմբագրապետ՝ Ռոպէր Հատտէճեան ու արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը։

13041133_567908053369082_7171604455956041172_oԳրիգոր Աւ. Քահանայ, որ ձեռնասունն է Երջանկայիշատակ Պատրիարք Հօր, մանկութենէ տառապեալ Արշակին, Աստուծոյ նախախնամութեամբ ինչպէս Շնորհք Պատրիարք դառնալը պատմեց ներկաներուն։ Եոզկաթի գիւղին մէջ աղաղակ մըն էր «Ես, չեմ երթար։ Ես, չեմ երթար» խօսքը, զոր հովիւ Արշակ կը գոչէր, քանի բաժնուիլ չէր ուզեր իր ծնողքէն։ Այսօր, փառք կուտային հաւատացեալներ, որ այդ խօսքերուն յաջորդաբար Հովիւ Արշակը ծանօթացած էր Խաչին, Աւետարանին, Եկեղեցիին, աճած էր Աստուծոյ հոգիով ու արժանաւորապէս դարձած՝ Շնորհք Պատրիարք։ Տէր Հայրը ի միջի այլոց ըսաւ. «Երկու մեծանուն Արմաշական հոգեւորականներ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Կիւլէսէրեան՝ յետագայի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռակից Կաթողիկոսը, եւ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան, յետագայի Երուսաղէմի Պատրիարքը, եկան միանալ իրենց երբեմնի ուսուցչին։ Ի ներկայութեան այս օրինակելի նուիրեալներու, պատանի Արշակ հաղորդուեցաւ իր պապենական հաւատքի սրբութիւններուն, ինչպէս նաեւ իր հայրերու դարաւոր մշակոյթին հետ։ Ան եղաւ քրիստոնեայ պատանի, կապուած իր Տիրոջ եւ Փրկչին ու առաջնորդուեցաւ զգենուլ հոգեւորականի սքեմը, զոր կրեց իր ամբողջ կեանքի տեւողութեանը ընթացքին կոչումի եւ ուխտի գիտակցութեամբ։ Ահա թէ ինչո՞ւ երանաշնորհ Պատրիարք Հայրը կը կոչենք Արմաշական։ Իր ներկայութիւնը վայելողներու համար գաղտնիք մը չէր իր ամուր հաւատքը, հեռու՝ ձեւականութենէ։ Խորապէս համոզուած էր, թէ քարացած կեանքը արգելք էր Աստուծոյ ներգործութեան»։

Իր խօսքերու աւարտին հանգստեան աղօթքով յիշեց իր հոգեւոր ծնողը եւ յիշեցուց թէ Շնորհք Պատրիարքը իր գործունէութեամբը այլեւս կը պատկանէր պատմութեան։ Անոր մարմինը կը հանգչէր իր դամբարանին մէջ, սակայն իր թողածը կը բաւէր ապրեցնելու իր յիշատակը։

https://www.facebook.com/127576530735572/videos/vb.127576530735572/568610539965500/?type=3&theater

12998234_567995160027038_2478127724960751241_oԺամանակ Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր՝ Արա Գօչունեան, մասնաւորապէս անդրադարձաւ Պատրիարքներու երկու յատկանիշներուն մասին. Մէկը հոգեւոր իսկ միւսը վարչային։ Ըսաւ թէ, Շնորհք Պատրիարքի հոգեւոր տիպարը գնահատելը նոյնիսկ անկարելը կը դառնար շատերու կողմէ, քանի իր գրիչով, մտաւոր զարգացմամբ, արդէն հստակ էր իր հոգեւորականի կերպարը։ Յիշեցուց նաեւ թէ՝ օրուայ յայտագիրը արդէն իսկ ապացոյցն էր վախճանեալ պատրիարքի ունեցած հանգամանքին, քանի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութեան գիրով ու ներկայացուցիչներով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը Տեսչութեամբ եւ Արմաշ Երգչախումբով իրենց ներկայութիւնը կը բերէին սոյն հանդիսութեան։ Իր խօսքերու աւարտին, յիշեցուց թէ վախճանեալ Շնորհք Պատրիարք որքան կը սիրէր Էջմիածինը եւ նոյնինքն իր հոգին երկնաւոր Հօր աւանդած էր, Միածնաէջ Սուրբ Վայրին մէջ։

https://www.facebook.com/127576530735572/videos/vb.127576530735572/568616916631529/?type=3&theater

13029509_567995146693706_8837779059249599147_oՄարմարա Օրաթերթի Խմբագրապետ՝ Ռոպէր Հատտէճեան, դրուատալից արտայայտութիւններով հանդէս եկաւ։ Յուզումով յիշեց թէ 25 տարիէ ի վեր Շնորհք Պատրիարք կը բացակայէր մեր միջավայրէն։ Ան, այսօր մեծ բացակայ մըն էր։ Սակայն տակաւին Իր դէմքով կենդանի է մեր յիշողութեանց մէջ։ Յիշեց Շնորհք Պատրիարքի գահակալութեան 25 ամեակի օրերուն կազմակերպուած հանդիսութիւնները։ Իրեն համար պատիւ կը համարէր Շնորհք Պատրիարքի կենսագրականը գրի առնել ընդարձակ կէտերով։ Անդրադարձաւ թէ, Շնորհք Պատրիարք քանի անգամներ, փրկուած էր մահուան ճիրաններէն։ Սակայն Մայր Աթոռի վեհարանին մէջ, չկրցաւ անվնաս անձնիլ մահուան քովէն եւ առ յաւէտ հեռացաւ մեզմէ։ Իր խօսքերու աւարտին ըսաւ. «Սիրեցեալ Շնորհք Պատրիարք, մենք ձեզ շատ կարօտցանք»։

https://www.facebook.com/127576530735572/videos/vb.127576530735572/568624019964152/?type=3&theater

12998361_567995153360372_2918446452636352119_oՍրտի խօսքերու աւարտին, սկսաւ հանդիսութեան երաժշտական բաժնի առաջին մասը։ Պատրիարքական Աթոռոյ «Արմաշ Դպրաց Խումբ»ի անդամները բեմ բարձրացան, Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ։

Յայտագիրը սկսաւ, Արմաշու Դպրեվանքի վերջին երաժշտապետ՝ Յակոբոս Այվազեանի յօրինած՝ «Արմաշու Դպրեվանուց Օրհներգ»,«Հեծաւ արի արքայն» եւ «Ո՜ տայր» երգերով։ Ապա երգուեցաւ, Յարութեան Ալէլուքը՝ Նէհավէնտ, Ֆա Մինէօր եղանակաւ եւ Յ. Պըտըլիկեանի տարբերակով։

Յայտագիրը շարունակուեցաւ Մայր Եղանակ Ս. Պատարագի «Ամէն Հայր Սուրբ» (ԴԿ. «Ուշշաք» եղանակ), «Տէր ողորմեա» (ԴԿ.«Ուշշաք» եղանակ) եւ Ֆրամ Ֆասուլեաճեանի յօրինած «Քրիստոս Պատարագեալ» (Սուլթանի եկահ եղանակ,Ռէ Մինէօր) երգերով։

Պատրիարքական Աթոռոյս «Արմաշ Դպրաց Խումբ»ի ելոյթէն յետոյ, շարունակուեցաւ երաժշտական բաժնի երկրորդ մասը։ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտըմեանի առաջնորդութեամբ բեմ բարձրացաւ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Արմաշ Երգչախումբ»ը։

13029490_567908380035716_5587170899537368049_oՆախ քան երգչախումբի ելոյթը, իր սրտի խօսքը արտասանեց Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան, որուն համար մեծ ուրախութիւն էր նման հանդիսութեան մը ներկայ գտնուիլ եւ երախտիքը յայտնել Պատրիարքական Աթոռոյ երկու երջանկայիշատակ Պատրիարքներուն՝ Գարեգին Ա. Տրապիզոնցի եւ Շնորհք Ա. Գալուստեանին. Առաջինը, տեսչական պաշտօն վարած էր Սիսի Մայրավանքի Դպրեվանքին, իսկ երկրորդը՝ նոյնպէս տեսչական պաշտօն վարած՝ Անթիլիասի Դպրեվանքի մէջ։

Տեսուչ Հայր Սուրբը, մէջբերեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարքի զգացումները, որ Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ գրի առնուած էր Դպրեվանքի պատուոյ տոմարին մէջ.« Հոգեւոր ուրախութիւն էր այցելել, երկրորդ անգամ, Պիքֆայայի Դպրեվանքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, եւ առիթ ունենալ աղօթել ու երգել միաբան եղբայրներուն ու սաներուն հետ։ Նոր հազարամեակի մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին սերմերը այստեղ է որ կը նետուին։ Կենդանարար Աստուած մարդասէր Հոգին միաբանական սիրով եւ ոգիով տոգորէ Դպրեվանքի բոլոր աշակերտները եւ նոր շրջանի Հայ Առաքելական Եկեղեցին լինի՛ աւելի միակամ, միախորհուրդ եւ ընդհանրապէս աւելի միացած։ Աստուած պահպանէ եւ օրհնէ ուսուցչաց կազմն ու բոլոր սաները։ Այստեղ անցուցած մէկ ու կէս ժամով խրախուսուած եմ։ Կը հաւատամ մեր Եկեղեցւոյ պայծառ ապագային»։

Թորգոմ Վրդ. պարզեց թէ ինչպէս երգչախումբը «Արմաշ» անուամբ մկրտուած էր 2011ին։ Այսուհետեւ, բացատրեց նաեւ թէ՝ Դպրեվանքի մէջ, երգն ու երաժշտութիւնը յատուկ տեղ կը գրաւէր։ Իր խօսքերուն ընդմէջէն ըսաւ. «Հանդէս մը չէ, որ այսօր Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը կը մատուցէ ձեզի, այլ՝ երախտագիտական խորին յարգանքի ընծայ մը, ազնիւ ժեստ մը, մաքուր զգացումներու արտայայտութիւն մըն է որ այսօր կը ձօնուի մեր նախկին տեսուչներէն եւ ձեր նախկին հովուապետներէն՝ Շնորհք Արք. Գալուստեանի անթառամ յիշատակին»։

Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ սոյն հանդեսի իրականացման ներդրում ունեցողներուն։

https://www.facebook.com/127576530735572/videos/vb.127576530735572/568630246630196/?type=3&theater

12983250_567907676702453_4462747716294122539_oՏեսուչ Հայր Սուրբի խօսքերէն յետոյ, յայտագիրը սկսաւ, Զարթիք, Անբաժանելիդ եւ Առաւօտ լուսոյ շարականներու փունջով։ Ապա, Կոմիտաս Վրդ.ի յօրինած «Սուրբ Աստուած», «Անձինք նուիրեալք», «Բարեխօսութեամբ» եւ «Քրիստոս ի մէջ» երգերն ու շարականները։ Յայտագրին շարունակուեցաւ Երջանկայիշատակ Զարեհ Եպս. Ազնաւուրեանի յօրինած՝ «Տէր ողորմեա», «Օրօր» եւ «Փառք քեզի» հոգեւոր երգերով, որոնցմէ յետոյ երգուեցան Շահան Պէրպէրեանի յօրինած «Քրիստոս պատարագեալ» Ս. Պատարագի երգն ու «Խաչը» հոգեւոր երգը։ Յայտագիրը աւարտին հասաւ Մեղրիկ Վրդ. Բարիքեանի յօրինած՝ «Փառք քեզ Աստուած» հոգեւոր երգով, որ հիացման արժանացաւ ներկաներուն։ Երգերու ու շարականներու առընթեր, Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն, Եղիշէ Արքեպս. Դուրեանէն, եւ այլ հոգեշունչ գրիչներէն քերթուածներ արտասանուեցան։

13055932_567907530035801_1103920155912389739_o13002465_567908676702353_5305428589207481264_o13041080_567908246702396_3016283830430639235_oՀանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ, Արամ Արքեպիսկոպոս հուսկ բանքով։ Սրբազան Հայրը, գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, որ Հայրապետական ուղերձով ու ներկայացուցիչներով իր ներկայութիւնը կը բերէր հանդիսութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն։ Առ ի երախտագիտութիւն գրի առնուած Ամենայն Հայոց Հայրապետին ուղղեալ նամակը, հրապարակաւ ընթերցուեցաւ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի կողմէ եւ յանձնուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի ներկայացուցիչ Տ. Գէորգ Եպիսկոպոսին, որպէզի փոխանցէ Նորին Սրբութեան։ Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ Դպրեվանքի «Արմաշ Երգչախումբի» մասին։ Յայտնեց թէ, մասնակից Դպրեվանեցիներուն որպէս յիշատակ պատրաստուած էր գնահատագիրեր։ Փոխանորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Թորգոմ Վարդապետին նուիրուեցաւ յուշանուէր մը։ Սրբազան Հայրը գնահատեց նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ «Արմաշ Դպրաց Խումբ»ը, զոր Էտվին Յարութիւն Սրկ.ի մականին ներքեւ, շարականներու ու հոգեւոր երգերու փունջ մը հրամցուցաց էին։ Իրենց համար եւս պատրաստուած էին գնահատագրեր։ Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ սրտի խօսք արտասանողներուն։

13055847_567908210035733_6372696290976122412_oՀուսկ բանքի աւարտին, երկու «Արմաշ» խումբերու անդամներու, ունկնդիրներ հոգեւորականներու եւս մասնակցութեամբ միաբերան երգուեցաւ Զարեհ Եպս. Ազնաւորեանի յօրինած «Տէրունական Աղօթք»ը, որուն մայր եղանակը առդէն իսկ ծանօթ է Ստանպուլի մեր եկեղեցիներուն։

https://www.facebook.com/127576530735572/videos/vb.127576530735572/568640049962549/?type=3&theater

Հոգեւոր Համերգի աւարտին, Յարակից Պէզճեան Սրահին մէջ, տեղւոյն Թաղային Խորհուրդի կողմէ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։