«Շողակաթ» Հանդէս

(Sevgi (Şarapnel) Sok. No: 6, 34130 Kumkapı)
Հեռ.՝ (0212) 517-0970, (0212) 517-0971
Ֆաքս՝ (0212) 516-4833
Ել-Նամակ՝ haybaddivan@gmail.com , haybadtivan@gmail.com
Կայքէջ՝ http://www.lraper.org , www.turkiyeermenileripatrikligi.com

«Շողակաթ», կրօնական, բարոյական, պատմական, բանասիրական ու մշակութային հանդէսը Ստանպուլի մէջ լոյս տեսնել կը սկսի 1952ին։

Հանդէսին առաջին պաշտօնատէրն է Սահակ Վարդապետ Փափազան, իսկ պատասխանատու խմբագիրը՝ Գարեգին Վարդապետ Գազանճեան (ապա Պ. Հ. Թ.)։ 1953ին պաշտօնատէրը կը դառնայ Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութիւնը ու հանդէսի անունը կը դառնայ «Շողակաթ կրօնաբարոյական եւ գրական պաշտօնաթերթ Սուրբ Խաչ Դպրեվանուց Հայոց Թուրքիոյ»։

1959-1961 շրջանին Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի ծննդեան 100 ամեակի ձօնուած, 525 էջերէ բաղկացեալ բացառիկ թիւը լոյս կը տեսնէ։ 1962ին խմբագրութեան պաշտօնը կը ստանձնէ Արտաշէս Սրկ. Նշանեան։ 1968էն սկսեալ Շողակաթ հանդէսը կը վերածուի տարեգիրքի։ 1977ին կը նշուի 25 ամեակը, որուն մէջ Գէորգ Բամպուքճեան կը ներկայացնէ 1923էն մինչեւ 1977 Ստանպուլի մէջ հրատարակուած գիրքերու մատենագիտութիւնը։ 1978էն սկսեալ «Շողակաթ Մատենաշար» անուամբ զանազան առիթներով կը հրատարակուին յիշատակի գրքոյկներ։

1988-1991 թուականներու միջեւ կը դադրի հանդէսի հրատարակութիւնը։ Գարեգին Բ. Պատրիարքի (Գազանճեան) գահակալութենէն ետք, 1991ին կը ձեռնարկուի Շողակաթի հրատարակութեան։ Այս շրջանին հանդէսի սեփականատէրը կը դառնայ Պատրիարքական Աթոռը եւ լոյս կը տեսնեն երեք թիւեր։ Մինչեւ 1995 հրատարակութեան աշխատանքները անգամ մը եւս կ՚ընդհատուին։ Խմբագրական աշխատանքները աւելի զարգացնելու նպատակաւ կը կազմուի յանձնախումբ մը, անդամակցութեամբ՝ Պարոյր Մուրատեանի (հանգուցեալ), Գէորգ Բամպուքճեանի (հանգուցեալ) եւ Վաղարշակ Սերովբեանի։ Հանդէսի խմբագիրը կ՚ըլլայ Մեսրոպ Արքեպս. Մութաֆեան (այժմ Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ), իսկ պատասխանատու տնօրէնը Գրիգոր Քհնյ. Տամատեան։ 1995ին լոյս կը տեսնէ Շողակաթը առաւելաբար պատմաբանասիրական նիւթերով։ Շողակաթ մատենաշարէն հատորներ կը հրատարակուին։