ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ԵՐԿՈՒ ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐԸ ԿՈՒՍԱԿՐՕՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԵՑԱՆ

Kategori: Եկեղեցական

10993419_10152811179428702_4059628003227038136_n11 եւ 12 Փետրուար թուականները հոգեւոր խանդավառութեան առիթներ եղան Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր դասուն եւ Պոլսահայ հաւատացեալ ժողովուրդին համար։ Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր երկու սաները՝ Տրց. Արթուն Սրկ. Տամատեան եւ Տրց. Արամ Սրկ. Պէսքիսիզեան՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի ձեռամբ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցան։  Արթուն Սարկաւագը վերանուանուեցաւ Յարութիւն Աբեղայ, իսկ Արամ Սարկաւագը՝ Տէր Մաղաքիա Աբեղայ։

10959754_404740156352540_6356260849748275624_nԿՈՉՈՒՄ

Երկու տիրացու սարկաւագներու քահանայութեան կոչման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 11 Փետրուար 2015 Չորեքշաբթի, ժամը 17.00-ին, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ։ Նախ կատարուեցաւ կանոնական երեկոյեան ժամերգութիւն հանդիսապետութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի եւ մասնակցութեամբ Աթոռոյս հոգեւորականաց դասուն։ Ներկայ էին նաեւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող՝ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Ժառանգաւորաց Վարժարանի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թէոդորոս Վրդ. Զաքարեան եւ Սրբոց Յակոբեանց Միաբաններէն Հոգշ. Տ. Ներսեհ Աբղ. Ալոյեան։ Ժամերգութեան աւարտին սկսաւ կոչման արարողութիւնը, խարտաւիլակութեամբ՝ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի։ Ընծայացուներ եկեղեցւոյ աւագ դռնէն դաս առաջնորդուեցան ծնկաչոք եւ ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդութեան, վկայութիւն տրուեցաւ անոնց արժանաւորութեան, վարքին եւ կենցաղին մասին։ Անոնք, յանձն առին քահանայութեան լուծը կրել, աշակերտիլ եւ հետեւիլ եկեղեցւոյ բոլոր ուղղափառ հայրապետներուն եւ վարդապետներուն ու նզովեցին բոլոր հերձուածողները։ Ապա կարդացին Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի խմբագրած ուղղափառ դաւանութեան հանգանակը։

10996678_10153063118438485_5855210472063408118_n

10404462_404738209686068_3308551646173011895_n10991055_404740193019203_9006961083701681638_nԱրարողութեանց աւարտին Հրաչեայ Աճարեան Սրահին մէջ սարքուեցաւ ընթրիքի սեղան, որուն ընթացքին հոգեւոր հայրեր եւ արարողութեանց մասնակից ժողովուրդը շնորհաւորեցին ընծայացուները եւ կարողութիւն մաղթեցին իրենց։ Յանուն Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդի արտայայտուեցաւ Ատենապետ Եսայի Տէմիր եւ յայտնեց իր ուրախութիւնը, Սամաթիոյ մէջ կատարուած էր այս արարողութիւնը։ Ըսաւ թէ Աստուածաշունչը լայն պարտէզ մըն է, որուն մէջ կը գտնուին գոյնզգոյն բուրումնաւէտ ծաղիկներ։ Թեկնածուներուն յիշեցուց որ ժողովուրդին հրամցնեն այս ծաղիկներու բուրմունքը։ Ձեռնադրութեան առթիւ իրենց շնորհեց նաեւ յուշանուէրներ։ Ղուկաս Աքպուլութ եւս դպրաց դասու անունով շնորհաւորեց կոչեցեալ սարկաւագները եւ յուշանուէրներ յանձնեց իրենց։ Սրբազան Հօր կատարած վերջին աղօթքով իր աւարտին հասաւ սիրոյ սեղանը։

topluՍ. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՁԵՌՆԱԴԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօնակատարութեանց ոգեւորութեանց գիրկընդխառնուեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւնը։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ նստարանները 12 Փետրուար, Հինգշաբթի, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ լեցուն էին հաւատացեալ ժողովուրդով, որոնք եկած էին մասնակցելու երկու ժառանգաւորներու քահանայական ձեռնադրութեան Ս. Խորհուրդին՝ իրենց աղօթքներով։

Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, առընթերակայութեամբ Հոգշ. Տ. Թէոդորոս Վրդ. Զաքարեանի եւ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի։ Արարողութեանց մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններ, քահանաներ եւ սարկաւագներ։ Ներկայ էին նաեւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի ներկայացուցիչը, Յունաց Քոնսթանթին Մէտրոպոլիտը, Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտը իր հետեւորդներով, Կաթոլիկ Ասորիներու Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղ, Կաթոլիկ Քաղդէացիներու Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքան,  Հոգշ. Հ. Աբրահամ Վրդ. Ֆրաթեան, Բրշ. Յակոբ Սրկ. Մինասեանը, Մխիթարեան Միաբանութեան Փանկալթիի Վանատան Մեծաւոր ՝ Գերպ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ միաբաններէն՝ Գերպ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չոփուրեան, Տաչ Չէփըլի Երէցը, Գերման Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը։

10985352_10152809029223702_8973199679615980002_nՍ. Պատարագի Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց Դպրաց եւ Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբերու կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալլաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Բրշ. Էտվին Յարութիւն Սրկ. Կալիպեանի։

Նախ քան ճաշու գիրքերու ընթերցումը երկու տիրացուները սաղմոսներով ու ծնկաչոք բարձրացան եկեղեցւոյ բեմը, ուր խարտաւիլակ  Թաթուլ Ծ. Վրդ. եւ Տրդատ Քհնյ. անգամ մը եւս ներկայացուցին ենթակաները վկայելով անոնց վարքին եւ գիտութեան։
asdvadzayinԿանոնական աղօթքներու ընթերցումէն ետք երկու տիրացուները իրենց երեսը ժողովուրդին դարձան եւ իրենց ձեռքերը վեր բարձրացուցած «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ»ի երգեցողութեամբ հրաժարեցան աշխարհիկ կեանքէ։ Ապա ձեռնադրիչ սրբազան հայրը մի առ մի տիրացուներու գլուխներուն վրայ ձեռք դրաւ եւ յետոյ տիրացուներու ուրարները դարձուց իրենց վզերէն եւ վերածեց փորուրարի։

10394572_10153063122183485_2018197927485673461_n

saghavardՍուրբ Գրոց ընթերցումներու աւարտին Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ մինչեւ «Ողջոյն»ի պահը։ Կարդացուեցան կանոնական աղօթքներ եւ երեք սարկաւագներուն տրուեցան փիլոն եւ պատարագիչի զգեստներ։

Ապա տիրացուները զանգակներու ղօղանջներով եւ «Խորհուրդ Խորին» շարականով զգեստաւորուեցան եւ առաջնորդուեցան Ս. Սեղանին առջեւ։

10941017_10153063128763485_9117257447522294484_n10991287_10153063132658485_5364873376506327105_nԲարձր. Տ. Արամ Արքեպս., Ս. Միւռոնով օծեց նորապսակ քահանաներուն ճակատներն ու աջ եւ ձախ ձեռքերը եւ զանոնք վերակոչեց ըստ հետեւեալի. Տրց. Արթուն Սրկ. Տամատեանը՝ Տէր Յարութիւն Աբեղայ եւ Տրց. Արամ Սրկ. Պէսքիսիզեանը՝ Տէր Մաղաքիա Քահանայ։

tsernatrutyunՆորապսակ հոգեւորականները կարգաւ իրենց անդրանիկ օրհնութիւնը տուին ժողովուրդին։ Յետ օծման Նորին Սրբազնութիւնը քարոզեց եւ ընդգծեց Քրիստոսի հաւատալու կարեւորութիւնը։ Սրբազան Հայրը շեշտեց Ս. Վարդանանց Զօրավարաց պայքարը ընդդէմ կրակապաշտութեան, վասն պաշտպանութեան Քրիստոնէական հաւատքը։ Այս տօնը ալ աւելի կþիմաստաւորուէր երկու երիտասարդ կուսակրօն քահանաներու ձեռնադրութեամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը կարգաւ տեղեկութիւններ տուաւ նորաօծ քահանաներու անուններու իմաստին, ինչպէս նաեւ իրենց մասին եւ ըսաւ. «Նկատելով, որ կը մօտենանք Ս.Յարութեան Տաղաւարին, Արթուն Սրկ.ը վերակոչեցինք Հայր Յարութիւն, որպէս նուէր Ս. Զատկուան։ Ինչպէս նաեւ Յարութիւն անուան մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունի իր աւազանի անունը՝ Արթուն։ Ինքը, քահանայից դասու երէց անդամներէն՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեանի որդին է։ Կարծէք թէ Տէր Հայրը Ս. Գրքի հրամանին հնազանդելով իր անդրանիկ որդին կը նուիրէր եկեղեցւոյ։ Հայր Մաղաքիան եւս հոգեւորականի սերունդէն կու գայ։ Ինքը մեծ քրոջս թոռնիկն է եւ հետեւելով Տիրոջ կանչին ընտրած է եկեղեցական ասպարէզը։ Մեր ընտանիքին մէջ եւս կային հոգեւորականներ Երուսաղէմի մէջ որոնցմէ էր Տ. Մեսրոպ Վրդ. Տէփոեանը։ Այսօր ուրախ էր որ Հայր Մաղաքիան կը գալէ իր նախնեաց ճամբէն։ Այսօր զինք երբ կÿանուանենք Հայր Մաղաքիա, իր անձին մէջ կը յիշենք Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն հոգեւորականներէն մին՝ Երանաշնորհ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանը։»

Սրբազան Հայրը, իր խօսքը ուղղեց նաեւ նորոգ ձեռնադրեալներուն ու ըսաւ. « Դիւրին չէ հոգեւորական ըլլալը։ Ամէն ոք կը փափաքի որ Ձեր ճամբան ըլլայ առանց փուշի եւ քարի։ Գնահատանքի առընթէր միշտ պիտի ըլլան քննադատութիւններ։ Սակայն մի յուսահատիք ու ծառայութեան ճանապարհէն մի հեռանաք։ Միշտ մնացէք հեզ ու խոնարհ։ Այս հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը որ ունիք, պիտի աղօթենք որ ցմահ շարունակէ։ Կը շնորհաւորեմ ձեզ, ձեր նոր պաշտօնին մէջ»։

vohcuyntՈղջոյնի պահուն, բոլոր հոգեւորականները եկան համբուրելու նորապսակ հոգեւորականներու աջերն ու  ճակատները։

hayrabedaganՅաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուան տօնին առթիւ։ Ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն, ի Քրիստոս ննջածներու հոգւոցն ի հանգիստ։  10991389_10152785853639825_2976057101039537256_nԱրարողութեանց աւարտին հաւատացեալներ մօտեցան նորընծաներուն եւ աջհամբոյրով ստացան իրենց օրհնութիւնը։

ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ

yemekԵկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահին մէջ սարքուեցաւ Սիրոյ Սեղան, նախագահութեամբ Արամ Արքեպս.ի։

Յանուն նորաօծ հոգեւորականներու իր սրտի խօսքը արտասանեց Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ փառք տուաւ Աստուծոյ որ արժանացած էին քահանայական սուրբ կարգին։ Ակնարկելով Պետրոս Առաքեալի «Կը սիրե՞ս զիս Պետրոս» հարցումին, ըսաւ թէ երկու եկեղեցականներն ալ կը սիրէին իրենց եկեղեցին ու եկեղեցւոյ գլուխը՝ Քրիստոսը։ Յիշեցուց թէ եկեղեցին վերածնունդի մը առիթը ընծայած էր իրենց, նոր անուններու շնորհումով։ Ուրախութիւն յայտնեց թէ ձեռնադրութիւնը կը կատարուէր Ս. Վարդանանց Տօնին։ Շեշտեց թէ Ս. Ղեւոնդեանց եւ Ս. Վարդանանց տօները անմիջականօրէն աղերս ունէին իրարու հետ։ Այս առումով, ըսաւ թէ «այս ձեռնադրութիւնը թող դառնայ Հայ Հոգեւորականութեան որպէս ընծայ»։ Անդրադարձաւ նաեւ թէ Վարդանանց Տօնը անուան տօնն էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ ըսաւ. «Կը յուսամ թէ Վեհափառ Հայրապետի անուան տօնին առթիւ ամէնալաւ նուէրն է այս նորաօծ երկու հոգեւորականները։ Այս հոգեւորականները թող դառնան Նորին Սրբազնութեան անուանկոչութեան նուէր, ուղարկուած՝ Մայր Աթոր Ս. Էջմիածին, Պոլսոյ դարաւոր Պատրիարքական Աթոռէն»։ Շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց հոգեւոր ծնողին, ծնողներուն, կնքահայրներուն, հոգեւորական դասու անդամներուն, բոլոր անոնց որոնք բաժին ունեցաւ իրենց պատրաստութեան մէջ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց որոնք արարողութեանց մասնակցելով առաջի Աստուծոյ վկայութիւն բերած էին իրենց համար։ Մանաւանդ, ներկաներէն աղօթք խնդրեց որպէսզի կարենան ըլլալ «մշակ առանց ամօթոյ»։ Հայր Սուրբը յիշեց նաեւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարքը եւ մաղթեց որ Սրբալոյս Միւռոնը, որով օծուեցան նորապսակ  հոգեւորականները, իր օրհնութիւնը տարածէ նաեւ Նորին Ամենապատուութեան, վասն բուժման եւ փարատման ցաւոց։

Հուսկ բանքը արտասանեց Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս եւ դիտել տուաւ թէ Պատրիաքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասու մեծամասնութիւնը հակառակ իր միջին տարիքին կը շարունակէր եկեղեցւոյ ծառայել։ Այս առումով շնորհակալութիւն յայտնեց ու մաղթեց կարողութիւն իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։ Յիշեցուց թէ Աստուած ժողովուրդին մէջէն անցեալին հանած էր սպասաւորներ ու կը շարունակէր հանել։ Երկու աբեղաներով կը հարստանար Հայ Եկեղեցին եւ Պատրիարքական Աթոռը։ Անգամ մը եւս շնորհաւորեց նորաօծ հոգեւորականները եւ միաբերան երգուած Տէրունական Աղօթքով սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ ։

 ՎԵՂԱՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Յաւարտ սիրոյ սեղանի տեղի ունեցաւ վեղարի տուուչութիւն։ Նորապսակ Հոգշ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Հոգշ. Մաղաքիա Աբեղայ Պէսքիսիզեան, Արամ Սրբազան Հօր ձեռամբ վեղար ստացան անդամակցելով Պատրիարքական Աթոռոյ միաբանութեան։

veghar 1

Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի ձեռնադրութեան կնքահայրն էր՝ Արժ. Տ. Պսակ Աւ. Քհնյ. Թէզէնլեան, իսկ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի՝ Միհրան Սաթըլմըշ։ Նորընծաները, նախ քան հոգեւոր պաշտօնի ձեռնարկելը, Պատրիարքարանի մէջ պիտի բոլորեն իրենց քառասնօրեայ ապաշխարութեան շրջանը։

ՀՈԳՇ. Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

13163_10153063134253485_876512217659072526_nԱւազանի անունով Արթուն Կարապետ Տամատեան, 14 Սեպտեմբեր 1988ին ծնած է Ստանպուլ՝ Գուրթուլուշ։ Որդին է Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեանի եւ Երէցկին Սիլվա Տամատեանի։ 8 Յունուար 1989ին մկրտուած է Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ լուսահոգի Տ. Տարօն Աւ. Քահանայ Սիրականեանի եւ կնքահայրութեամբ՝ Վարուժան-Նատիա Պօյաճեանի։

Նախակրթութիւնը ստացած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան Վարժարանին մէջ եւ վկայուած է 2002ին։ Յետոյ աշակերտած է Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանի եւ շրջանաւարտ եղած՝ 2006ին։ Ապա, բարձրագոյն ուսման հետեւած է Քատիր Հաս Համալսարանի Էլէկտրոնիկ Ճարտարագիտութեան (Անգլերէն Դասաւանդութիւն) Ֆաքիւլթէի մէջ։ 16 Յուլիս 2012ին, առաջնութեամբ շրջանաւարտ եղած է սոյն բաժնէն։ 2013ին պաշտօնի կոչուած է, Ազգ. Պատրիարքարանի Հրատարակչական ու Տեղեկատուական Բաժանմունքի մէջ։

2006ին դպրութեան 4 աստիճաններ ստացած է Երջանկայիշատակ Շահան Ս. Արքեպս.ի ձեռամբ։ Նոյն տարի 13 Յուլիսին Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնին, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհած է։ 2008ին Պատրիարքական Աթոռոյ նշանակեալ դասատու հոգեւորականներու հսկողութեան ներքեւ, շուրջ տարի մը մասնակցած է սարկաւագաց պատրաստութեան համար հաստատուած լսարանի դասընթացքներուն։ 17 Մայիս 2009ին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի ձեռամբ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուած է կիսասարկաւագ, իսկ 25 Սեպտեմբեր 2011, Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ՝ սարկաւագ։

Մանկութեան շրջանին մասնակցած է Կղզեաց Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արքեպս. Մութաֆեանի հովանաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ Հոգշ. Տ. Զաքէոս Աբղ. Օհանեանի, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, ինչպէս նաեւ ժառանգաւոր սաներու, մանկանց աշխատանքներուն։ Յետագային մաս կազմած է Կղզեաց Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առաջնորդութեամբ կատարուած հոգեւոր աշխատանքներուն։ Մանկութենէն սկսեալ ծառայած է Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յետագային, ամրան եղանակներուն, ծառայած է նաեւ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։

2008ին անդամակցած է Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ներսէսեան Դպրաց Դասուն։ Վերջին երկու շրջաններուն, ստանձնած է տնօրէն խորուրդի ատենադպրութեան պաշտօնը։ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առաջնորդութեամբ Ս. Գրային սերտողութեան մասնակից երիտասարդներու մասնակցութեամբ 2011ին մասնակցած է դէպի Ս. Երկիր կատարուած ուխտագնացութեան։ Այս ուխտագնացութեան նօթագրութիւններուն ամփոփումով 2012ին լոյս տեսած է «Ս. Երկիրը Կը Կանչէ» անուն գրքոյկը։ 2013ին Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Դպրաց Դասու պատուոյ անդամութեան արժանացած է։ Զանազան առիթներով մասնակցած է Ս. Թագաւոր Դպրաց Դասու հոգեւոր եւ աշխարհիկ աշխատութեանց։ 2013ին անդամակցած է նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ «Արմաշ» Դպրաց Խումբին։

2014-ին Տիրոջ կանչին հետեւելով Պատրիարքական Աթոռ կը դիմէ ընդունուելու համար որպէս ժառանգաւոր սան։

ՀՈԳՇ. Տ. ՄԱՂԱՔԻԱ ԱԲՂ. ՊԷՍՔԻՍԻԶԵԱՆ

Աւազանի անունով Արամ 3 Յունիս 1992ին ծնած է Տիգրանակերտ, Սիլվան։ Հայրն է Նուրի իսկ մայրը՝ Վարդուհի։ Նախակրթական ուսումը կը ստանայ 1997-2006 թուականներու միջեւ թաղի Վարժարանին մէջ։ Մինչեւ 2007 Լիկէոնի ուսումը կը ստանայ Սիլվանի Լիսէին մէջ։ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ 2007ին, Հոգշ. Տ. Զաքէոս Վրդ. Օհանեանի ձեռամբ, Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի կնքահայրութեամբ (այժմ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ) կը մկրտուի։ Նոյն տարուան Յունուար ամսուան մէջ, իր աւագ եղբօրը՝ Տիգրանի (այժմ Սարկաւագ) հետ կը մեկնի Ս. Երկիր, ուսանելու համար Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանի մէջ։

2007-2011 թուականներուն միջեւ կ՚աշակերտի Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանին, իսկ 2011էն սկսեալ կը շարունակէ ընծայարանի բաժինը, ուրկէ կը վկայուի 2014ին։

2009ին Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճարի մէջ, Երուսաղէմի Պատրիարքական Աթոռոյ Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Նուրհան Արքեպս. Մանուկեանի ձեռամբ կը ստանայ դպրութեան չորս աստիճանները, իսկ 2011ին Գերշ. Տ. Սեւան Արքեպս. Ղարիպեանի ձեռամբ ուրար կրելու արտօնութիւն։ 06 Յունիս 2014ին Երուսաղէմի Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Նուրհան Արքեպս. Մանուկեանի ձեռամբ, Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճարի մէջ կը ձեռնադրուի կիսասարկաւագ, իսկ յաջորդ օրը, Հոգեգալուստի Տօնին, դարձեալ Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ՝ սարկաւագ։

Շրջանաւարտ ըլլալէ յետոյ ուսումնական ծրագիրով կը մեկնի Գանատա, ուր Վանիէր Քօլէճի մէջ Անգլերէնի խտացեալ դասընթացքներու կը հետեւի։

2014ին Տիրոջ կանչին հետեւելով կը դիմէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան, որպէսզի ընդունուի կուսակրօն քահանայութեան։