Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, 6 Ապրիլ 2021, Երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին ընդունեց Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Սիմոն Չէքէմը եւ անդամներէն՝ Պէրրին Տայանը, որոնք Ս. Զատկի տաղաւարի առթիւ շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութիւնը։ Հանդիպումին ներկայ եղան Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։
Թաղային Խորհուրդի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան համար։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը անցեալ տարի պատահած անցուդարձերու մասին յայտնեց իր անհանգստութիւնները։ Ատենապետ Սիմոն Չէքէմ մի առ մի պատասխանեց տրուած հարցումներուն եւ ցաւ յայտնեց որ առ այսօր կարելի չէր եղած ժողով գումարել եւ լսել նաեւ Թաղական Խորհուրդի տեսակէտները։ Այցելուները արտայայտեցին, թէ իրենք բացարձակ յարգանք կը տածէին Պատրիարքական Աթոռին ու պատրաստ էին գործակցիլ Նորին Ամենապատուութեան հետ։ Նաեւ պատրաստ են իրենց ծրագիրները ներկայացնել Պատրիարքական Աթոռին բարոյական վերահսկողութեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց որ Պատրիարքական Աթոռի եւ Թաղային Խորհուրդի յարաբերութիւնները բնականոնացման հունի մէջ մտնելու կը սկսէին, տնօրինեց որպէսզի Պէյօղլուի զոյգ եկեղեցիները վերաբացուին պաշտամունքի։
Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան հայրական մերձեցման եւ հոգածութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։