Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային,Միջեկեղեցական,Միջկրօնական

Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

 

Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան Տօնին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, իր կողքին ունենալով Միջեկեղեցական – Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանը, Պատրիարքական Աթոռոյս Լուսարարապետ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ու հոգեւորականաց դասու անդամները, ինչպէս նաեւ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներէն ոմանք՝ գլխաւորութեամբ Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի, 3 Ապրիլ 2018, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-էն սկսեալ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնները։

RUM PATRIGI 2018 ZADIG

 

Այցելութեան եկան Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Ռուբէն Կոնզալէզ Ս. Եպիսկոպոս, Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթին, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցիէն Արժ. Տ. Օրհան Քհնյ. Չանլը, յանուն Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի Րէմզի Վրդ. Տիրիլ Հրէից Րաբունապետ Րաւ Իցխաք Հալէվայ։

ASORI ZADIG TEBRIK

 

HAHAMBASI ZADIG 2018

Բացի հոգեւորականներէ ու իրենց պատուիրակութիւններէն, յանուն Ստանպուլի Աւագ Քաղաքապետի Նատիա Թաշէլ, Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տէմիրճան, Շիշլիի Քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, իրենց հետեւորդներով։ Ինչպէս նաեւ յանուն Սարըյէրի Քաղաքապետ Շիւքրիւ Կէնչի՝ գլխաւոր օգնականը Իսմաիլ Էրտէմ, յանուն Ֆաթիհի Քաղաքապետ Մուսթաֆա Տէմիրի՝ գլխաւոր խորհոդականը Նիլիւֆէր Թիւրիւթկէն։

2018 ZADIG HAYRI VE DIGERLERI

Բոլոր այցելուները, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր անձին մէջ շնորհաւորեցին Հայ Համայնքի Ս. Յարութեան Տաղաւարը ու իրենց բարեմաղթութիւնները յղեցին։

ASORINER ZADIG 2018