Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

13043456_568054113354476_5972894012129014193_nՊատրիարքական Աթոռոյ տնօրինութեամբ, 17 Ապրիլ 2016, Կիրակի, Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցաւ Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքը, իր վախճանման 25-ամեակին առթիւ։ Եւս առաւել, Գալֆայեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակի առթիւ, հոգեհանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան նաեւ Գալֆայեան Ուխտի ի Տէր ննջած բոլոր մայրապետներն ու քոյրերը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան հանդիսապետեց, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեանց։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէ քաղաքս ժամանած Հոգեւոր Հայրեր, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Գէորգ Եպս. Սարոյեանի, Ս. Պատարագի արարողութեանց մասնակցեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ, Անթիլիասէ քաղաքս ժամանած Հոգեւոր Հայրեր ու Դպրեվանքի սաներ, գլխաւորուծեամբ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի, մասնակցեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Կիրակնօրեայ արարողութեանց։

Արարողութեանց աւարտին, Ժամը 14.00-ին, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս.ի գլխաւորութեամբ, Շիշլիի Ազգ. Գերեզմանատան հոգեւորականաց թաղի Պատրիարքներու շիրիմներու ներքեւ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն վասն հոգւոցն խաղաղութեան Շնորհք Պատրիարքի եւ Գալֆայեան Ուխտի միաբանութեան հանգուցեալ անդամներուն։ Ներկայ եղան Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւ վեղարաւոր հայրեր։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Մայր Աթոռոյ միաբաններ՝ Գերշ. Տ. Գէորգ Եպս. Սարոյեան, Հոգշ. Տ. Ռուբէն Վրդ. Զարգարեան եւ Հոգշ. Տ. Պարթեւ Վրդ. Բարսեղեան։ Ներկայ եղաւ նաեւ Գալֆայեան Ուխտի անդամ՝ Առաքինազարդ Քոյր Գայեանէ Կսրկ. Տուլքատիրեան, Գալֆայեան Տան խնամակալութեան անդամներ եւ սաներ։

13041264_568054140021140_1176091104444846744_o