ՕՆՆԻԿ ԵՒ ԱՐԱ ՏԻՆՔՃԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

onnik dinkjianԱմերիկահայ հանրածանօթ երգիչներ Օննիկ Տինքճեան եւ որդին՝ Արա Տինքճեան, 6 Ապրիլ 2013, Շաբաթ, ժամը 14.00-ին, ընկերակցութեամբ Ս. Խաչ Դպրեվանքի Սանուց Միութեան ներկայացուցիչներուն այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Օննիկ եւ Արա Տինքճեան, իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին անոր համար որ կը գտնուէին Ստանպուլ։ Անոնք, տեղեկացուցին թէ« Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի հիմնադրութեան 60- ամեակի առթիւ կատարելի համերգին համար եկած էին Ստանպուլ։ Համերգը տեղի պիտի ունենար Շիշլիի Քէնթ սրահին մէջ 9 Ապրիլ 2013, Երեքշաբթի, Ժամը 21.00-ին։ Անոնք յիշեցին նաեւ Տիգրանակերտի իրենց յուշերը։ Յայտնեցին թէ հետեւած էին Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ առկայ վիճակին եւ Աստուծոյ փառք կու տային որ իրենց աղօթքի տունը բարեզարդուած էր։ Նաեւ պահ մը, արտայայտուեցան Տիգրանակերտի բարբառով։

Նորին Սրբազնութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց հեռաւոր ԱՄՆ-Էն ժամանած, իր քաղաքակիցներուն Պատրիարքարան այցելութենէն։ Արամ Սրբազան, ըսաւ թէ. իր ծննդավայրի բարբառը լսել ուրախութիւն կ՚առթէր իրեն։ Սրբազան հայրը նշեց նաեւ թէ, աշխարհի զանազար երկիրներու առընթեր, Ստանպուլի մէջ եւս, խտասալիկներով ծանօթ էին հայր եւ որդի յայտնի արուէստագէտները։ Կազմակերպուած այս հանդիսութեամբ, թէ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի 60-ամեակը պիտի նշուէր եւ թէ արուեստասէր ժողովուրդը առիթը պիտի ունենար իրենց հետ մօտէն ծանօթանալու։ Սրբազան Հայրը կատարելի համերգին համար կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Օննիկ եւ Արա Տինքճեանի։