ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Փաստաթուղթեր

122791974_1673864059440137_8519202514247902104_o

Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան գծով կազմուած յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններ 26 Հոկտեմբեր 2020, Երկուշաբթի ժամը 11.00-ին Պատրիարքարան այցելեցին եւ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր կողմէ։ Պուրսայի Երեսփոխան Հաքան Չավուշօղլուի (ԱՔ Կուսակցութիւն) գլխաւորած յանձնախումբին մաս կը կազմէին՝ ԱՔ Կուսակցութեան խմբակէն՝ Աթայ Ուսլու (Անթալիա), Հիւսէյին Եայման (Հաթայ), Օսման Նուրի Կիւլաչար (Վան), Օյա Էրօնաթ (Տիյարպաքըր), ՄՀՓ Կուսակցութեան խմբակէն Մէհմէտ Պիւլէնտ Քարաթաշ (Իսթանպուլ), ՃՀՓ Կուսակցութեան խմբակէն՝ Մահմուտ Թանալ (Իսթանպուլ), Սէրվէթ Իւնսալ (Անգարա), ԻՅԻՓ Կուսակցութեան խմբակէն՝ Ահմէտ Չէլիք (Իսթանպուլ), ՀՏՓ Կուսակցոնւթեան խմբակէն՝ Կիւլիւսթան Քըլըճ Քօչեիղիթ (Մուշ)։ Այս խումբին աւելի վերջ մասնակցեցաւ նաեւ ՃՀՓ Կուսակցութեան երերեսփոխան՝ Սէզկին Թանրըքուլու։ Ընդունելութեան Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ գտնուեցան Պատրիարքարանի Դիւանապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Երեսփոխաններու այցելութիւնը կեդրոնացած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սկսած պատերազմի յառաջացուցած բաղխումներու եւ լարուածութեան մթնոլորտին հետեւանքով, Թրքահպատակ Հայ հայրենակիցներու նաեւ ընդհանրապէս համայնքային կեանքէն ներս գոյացած վիճակը ուսումնասիրելու վրայ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց ներկայ երեսփոխանները եւ յայտնեց իր գոհունակութիւնը թէ այս օրերուն իսկապէս կենսական էր նման հանդիպում մը, թարգման հանդիսանալու համար զանազան համայնքային հարցերու մասին եւս։ Ձեռք առնուեցան նաեւ համայնքային ինչ ինչ հարցեր, որոնք լուծման կը կարօտէին։ Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար ու շեշտեց թէ համայնքային հարցերու լուծման վայրը կը տեսնէր Ազգային Մեծ Ժողովը։

Ապա արտայայտուեցաւ պատերազմական վիճակի լրատուութեանց հետ կապուած մամուլի, տեսալսողական եւ ընկերային համացանցերու վրայ տեղ գտած արտայայտութիւններ, վատ ազդեցութիւն կը գործէին մանաւանդ երբ այդ արտայայտութիւններէն ոմանք կը հրահրէին քինախնդրական ու ատելութեան զգացումը Հայ հայրենակիցներու նկատմամբ։ Գոհունակութեամբ անդրադարձաւ թէ Հանրապետութեան Վսեմ. Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի գլխաւորութեամբ պետական աւագանին իրենց արտայայտութեանց մէջ ունեցած էին եւ կը շարունակեն ունենալ դրական արտայայտութիւններ Հայ հայրենակիցներու նկատմամբ, ընդգծելով թէ անոնք կը գտնուէին պետութեան երաշխաւորութեան ներքեւ։

Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, թէ իբրեւ կանխազգուշական քայլ, առնուած ապահովութեան միջոցներով ամէն ինչ կ’ընթանար խաղաղ մթնոլորտի մէջ։ Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին լուսաբանութեանց ու մտերմական մթնոլորտին համար եւ շեշտեցին, թէ պիտի տեղեկագրէին սոյն հանդիպումը պատկան վերին մարմիններուն։

  • 122791974_1673864059440137_8519202514247902104_o