ԱԶԳ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՄԵՐԳ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն. Ա. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, 17 Դեկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ յայտնի երգիչ՝ Սահակ Պարթեւ Կարեանը։

 

Այցելուները յայտնեցին թէ՝ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի ի նպաստ «Կեդրոնական Ջահդ Վառ» խորագրեալ համերգը տեղի պիտի ունենայ 26 Դեկտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը 21.00-ին, Ճէմալ Ռէշիտ Ռէյ Համերգասրահին մէջ։ Համայնքի սիրուած երգիչներու մասնակցութեամբ կատարելի սոյն հանդիսութեան ընթացքին, իւրաքանչիւր մասնակից երկու երգով հանդէս պիտի գայ։ Սահակ Պարթեւ յոյս յայտնեց թէ՝ սոյն հանդիսութեամբ Կեդրոնականի անունն ու գործունէութիւնը անգամ մը եւս պիտի յիշատակուի համայնքի կողմէ։

2019 GETRONAGAN DAVETIYE

Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, ուրախութեամբ ողջունեց սոյն հանդիսութիւնը եւ իր օրհնութիւնը տուաւ։ Ինք եւս յայտնեց թէ՝ տարբեր առիթներով Հայ երգը պէտք է լսելի դառնայ ժողովուրդին մօտ եւ Պարթեւը սոյն առաքելութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մին է։ Տարբեր առիթներով արդէն իսկ փաստած է իր կամքը եւ այս հանդէսը եւս լաւ առիթ պիտի դառնայ որպէսզի Կեդրոնականի ի նպաստ հնչեն Հայերէն երգերը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց կազմակերպիչներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։