ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ն. Ա. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, 13 Դեկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի եւ Ատենապետ՝ Հրանդ Մոսկոֆեանի։

 

Հիւրերը, Նորին Ամենապատուութեան, որպէս Թրքահայոց Պատրիարք ընտրութիւնը շնորհաւորեցին եւ իրենց բարեմաղթանքները յղեցին։ Իրենց գործունէութեանց մասին եւս տեղեկութիւններ փոխանցեցին  Ընտրեալ Պատրիարք Հօր։

2019 MAYR YEGEGHETSI

Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, ուրախութեամբ ողջունեց քաղաքավարական սոյն այցելութիւնը։ Իր խօսքերուն մէջ, անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռոյ գործունէութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հետ ունեցած կապին մասին։ Այս  առթիւ Գումգաբուի հոգեւոր եւ կրթական հաստատութեանց կարեւորունը շեշտեց եւ մաղթեց որ եկեղեցին եւ յարակից մարմինները յաջողութեամբ շարունակեն իրենց գործունէութիւնները։