ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԸ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Տաճարը, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 12 Օգոստոս 2020, Չորեքշաբթի, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Ներկայ էին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Լուսարարապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Պատրիարքական Աթոռոյս քահանայից դասու անդամներն ու ժառանգաւոր սարկաւագները։ Քորոնա Համաճարակի պատճառաւ, միայն թաղային խորհուրդի անդամներն ու Հայճարի ներկայացուցիները մասնակցեցան արարողութեան։

 MAYS DACAR ODZUM KAPAK

Պատրիարք Սրբազան Հայրը, ժամը 15.30-ին զանգակներու ղօղանջով, ներկայ հոգեւորականներու, թաղային խորհուրդի անդամներու կողմէ դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ մուտքին։ Ապա, սկսաւ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը։

 

Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն ետք, Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Աստուածածին Մայր Տաճարի աւագ խորանը, իսկ Արամ Արքեպս.՝ Եկեղեցւոյ միւս խորանները եւ մկրտութեան աւազանը։ Եկեղեցւոյ վերաբացման արարողութեան առիթով, նաեւ օծուեցաւ եկեղեցւոյ մայր խորանի սրբապատկերը, որ նորոգուած էր՝ Էրօլ Սարաֆեանի ձեռամբ։

 MAYR DACAR ODZUM 3

Արարողութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց եւ ուրախութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարեզարդման աշխատանքներու կապակցութեամբ։ Ս. Աստուածածնայ նուիրուած բազմաթիւ եկեղեցիներ կը գտնուէին Պոլսոյ մէջ, որոնք տէր էին վաղ անցեալի։ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցին, նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ Աթոռանիստ Տաճարը ըլլալու հանգամանքը ունէր եւ այս պատճառաւ իր բարեզարդումը առաւել եւս ուրախութիւն կը պատճառէր Պատրիարքական Աթոռին։ Պատրիարք Հայրը, յատկապէս գնահատեց ՀԱՅՃԱՐի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ՝ Գէորգ Էօզքարակէօզի, որոնց բծախնդիր աշխատութեամբ եկեղեցին տիրացած էր իր պատմական պայծառ գոյնին։ Այս առիթով գովեց նաեւ տեղւոյն թաղային խորհուրդին եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին աշխատութիւնները ու մաղթեց որ պայծառ եկեղեցին դառնայ նաեւ օրհնութեան աղբիւր բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք աղօթքի համար կը փութան Մայր Եկեղեցի։

MAYR DACAR ODZUM 1

 

Ապա կատարուեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ, միասնաբար երգուած Տէրունական Աղօթքով։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, սարքուեցաւ նաեւ սիրոյ սեղան, գլխաւորութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։

MAYR DACAR ODZUM 2

Video: https://www.facebook.com/watch/?v=631391380823367