ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

kumkapiԱթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդին անդամները գլխաւորութեամբ ատենապետ Հրանդ Մոսգոֆեանի, 22 Նոյեմբեր 2013, Ուրբաթ, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, յայտնեցին թէ եկեղեցւոյ զանգակատունը  մաշած ըլլալով կարիքը ունէր նորոգութեան եւ որոշած էին զայն նորոգութեան ենթարկել։ Թաղային Խորհուրդի անդամները Նորին Սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին ծրագրուած նորոգութեան աշխատանքին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ կալուածներու վիճակին եւ վարժարանի մասին։

Նորին Սրբազնութիւնը գնահատեց թաղային խորհուրդի անդամներու աշխատանքը։ Մաղթեց որ նորոգութեան աշխատանքը յաջողութեամբ իր աւարտին հասնի։ Նաեւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։