ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական

Պատրիարքական Տեղապահի ընտրութենէն անմիջապէս ետք, համայքային մարմիններ սկսան այցելութիւններ տալով շնորհաւորել Պատրիարքական նորընտիր Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանը։

 

Այսպէս անդրանիկ այցելութիւնը կատարեցին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, 9 Յուլիս 2019, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, գլխաւորութեամբ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Հրանտ Մոսքոֆեանի  եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր կողմէ։

2019 MAYR TEBRIK SAHAG

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։