ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

kumkapi mayr yegegetsiԱթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի, 7 Օգոստոս 2014, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի անուան  տօնախմբութիւնը կը զուգադիպէր 17 Օգոստոս 2014, Կիրակի, Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի Տաղաւարին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին  եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց Աստուածահաճոյ ու եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։