ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Փաստաթուղթեր

«ԱՅՍ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ՊԱՏԿԱՆԻՐ ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԻՆ, ԱՅԼ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ՝ ԵՐԿՆՔԻ ԱՐՔԱՅՈՒԹԵԱՆ» ԸՍԱՒ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԸ167579931_1813698652123343_2825854142484571268_n

Աւագ Շաբթուան ամենէն խորհրդաւոր արարողութիւններէն է՝ «Ոտնլուայ»ի արարողութիւնը, որ տեղի կ՚ունենայ Ընթրեաց Ս. Պատարագի երեկոյեան։ Այս այն արարողութիւնն է, որուն մէջ կը ներկայացուի Քրիստոսին, Վերջին Ընթրիքի պահուն Իր 12 առաքեալներուն ոտքերը լուալու խոնարհութիւնը։

Այս տարի, նկատի ունենալով Քորոնա Համավարակի ազդեցութիւնը, միայն Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաւոր այս արարողութիւնը, նախագահութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Դռնփակ արարողութեան մասնակցեցան Աթոռոյս վեղարաւոր հայրերն ու քահանաները։ Թէեւ արարողութիւնը առանց ժողովուրդի իրականացաւ, բայց եւ այնպէս Պատրիարքական Աթոռոյ յուշագրութեանց մէջ ստացաւ աննախընթաց երեւոյթ, քանի Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ներկայ հոգեւորականներուն ոտքերը լուաց։ Իսկ միւս կողմէ, սոյն արարողութիւնը Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, որպէս Պատրիարք նախագահած առաջին «Ոտնլուայ»ի արարողութիւնն էր։ Աւագ Հինգշաբթի օրը, ժամը 17.30-ին, սոյն արարողութիւնը եւս Պատրիարքական Աթոռոյս «facebook»ի եւ Լրաբերի «youtube»ի էջերէն տեսասփռուեցաւ։ 168023606_1813698802123328_6666291260590375503_nԱրարողութիւնը սկիզբ առաւ եպիսկոպոսական հանդերձանքով զգեստաւորուած Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր արտասանած Տէրունական Աղօթքով։ Մինչ այդ Աթոռոյս 5 միաբաններն ու 7 քահանաները, Պատրիարք Հօր կողքին կեցած էին իրենց շուրջառներով եւ ի ձեռին ունեցած մոմերով։ Արարողութեանց երգեցողութիւնները կատարեցին Աթոռոյս Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամները, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Բրշ. Էտվին Յարութիւն Սրկ. Կալիպեանի։ Արարողութեան ընթացքին արտասանուեցան Հայ Եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան յատուկ աղօթքներ եւ շարականներ։ Բաց աստի Ս. Գրային ընթերցուածքներու արտասանութեամբ լսելի դարձաւ, սրբութեան եւ հեզութեան կարեւորութիւնը։ Ինչպէս նաեւ, սրբութեան խորհրդանիշը՝ ջուրը եւ օծման խորհրդանիշը՝ իւղը օրհնուեցաւ։ 167982239_1813698892123319_5623895967677920935_nԱրարողութեան ընթացքին, Նորին Ամենապատուութիւնը, Աւետարանական դրուագի օրինակով, ղենջակ կապեց եւ ծունկի գալով կարգաւ 12 առաքեալները խորհրդանշող 12 հոգեւորականներուն ոտքերը լուաց։ Մեր Հոգեւոր Պետը ապա փոխանցեց իր Պատրիարքական Պատգամը եւ խօսեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ ամենէն գողտրիկ արարողութիւններէն միոյն մասին, որ Քրիստոնէութեան նախնական շրջաններուն Ս. Պատարագի նման յաճախ կատարուած ծէս մըն էր։ Սակայն եւ այնպէս 4րդ դարէն յետոյ, այս կիրառութիւնը հետզհետէ կը հեռանար եւ տարին մէկ անգամ կատարուիլ կը սկսէր։ Պատճառը այն էր որ, արարողութիւնը ինքնին ցնցիչ էր եւ իր խորհուրդով չէր պատկաներ այս աշխարհին։ Պատրիարք Հայրը սոյն արարողութիւնը բնութագրեց, որպէս երկնքի արքայութեան պատկանող ծէս մը եւ շարունակեց ըսելով. «Ոտնլուան, այս աշխարհի մտածողութեամբ «Ո՞վ է մեծը» հարցումին տրուած, եզակի պատասխան մըն էր, որ աշակերտներուն նոյնիսկ զարմանքին արժանացաւ։ Յիսուսի ժամանակ չէր տեսնուած որ մեծաւորը փոքրաւորին, ուսուցիչը աշակերտին ոտքը լուայ։ Իսկ, ինչո՞ւ Յիսուս իր աշակերտներուն ոտքերը լուացած էր։ Յիսուս իր քարոզութեան ժամանակ աշակերտներուն կը յայտնէր թէ իրենցմէ օր մը պիտի բաժնուէր։ Աշակերտները այս խօսքին բովանդակութիւնը չէին հասկցած եւ իրենց միջեւ մեծ ըլլալու մրցակցութիւն մը յայտնի եղած էր։ Հարցումը հետեւեալն էր. «Յիսուսէն յետոյ ո՞վ առաջին պիտի ըլլար»։ Յիսուս զանազան առիթներով ուսուցած էր թէ՝ «Ով որ առաջին ըլլալ կ՚ուզէ, թող ամէնուն ծառան թող ըլլայ»։ Սակայն, առաքեալներ այս աշխարհի որդիները ըլլալնուն համար չէին հասկնար, այս վարդապետութեան նշանակութիւնը։ Իր վերջին մեծ դասը տալու համար, ստրուկի նման ծունկի գալ եւ անոնց ոտքերը լուալ։ Եկեղեցին ժամանակօք հասկցաւ տրուած այս դասին կարեւորութիւնը եւ յատուկ տեղ մը դրաւ եւ ըսաւ. «Ով որ եկեղեցւոյ առաջնորդութեան կը կոչուի, ոտք լուացած պէտք է ըլլայ»։ Այլ խօսքով ծառայասիրութիւն եւ ծառայելու պատրաստութեան հարցն է»։ 168396852_1813699585456583_1957711756426279007_nՊատրիարք Հայրը իր խօսքի աւարտին շեշտեց թէ, մարդիկ ընկերութեան մէջ որքան խոնարհին, Տէր Յիսուս անոնց առջեւ առաւել եւս պիտի խոնարհի։ Յիշեցուց որ, մենք բոլորս միասնաբար մեծ ենք եւ Աստուծոյ զաւակները հանդիսացող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ծառայելը պատիւ մըն է։ 167923667_1813700148789860_348356676717140967_nԱրարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Տէրունական Աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։

 

  • 167579931_1813698652123343_2825854142484571268_n
  • 168023606_1813698802123328_6666291260590375503_n
  • 168103460_1813698885456653_4552384053651638399_n
  • 167982239_1813698892123319_5623895967677920935_n
  • 167649703_1813698855456656_9003525420719329975_n
  • 167555949_1813698852123323_3550158520859115772_n
  • 167610587_1813698845456657_1029117146532422357_n
  • 167467759_1813699688789906_5440835734234748627_n
  • 168639736_1813699008789974_232883663934761558_n
  • 168396852_1813699585456583_1957711756426279007_n
  • 167703083_1813699732123235_4933344315806448926_n
  • 168014752_1813699592123249_7633254924541128387_n
  • 167577318_1813699778789897_9106988216874259586_n
  • 167721949_1813700058789869_7916462069380118851_n
  • 167796559_1813699938789881_6726801722033502509_n
  • 167903021_1813700122123196_5572205988924988111_n
  • 167921568_1813699982123210_1656844026563222605_n
  • 168128945_1813699842123224_1333289729103436073_n
  • 168220492_1813699912123217_4761665318125249264_n
  • 167923667_1813700148789860_348356676717140967_n