ԱԹՈՌՈՅՍ “HAY MENTEE-MENTOR” ԾՐԱԳԻՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

146364362_1770178813141994_7579733622637973275_o

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ ու օրհնութեամբ գործող «HAY MENTEE-MENTOR» երիտասարդաց ծրագիրը, Յունուար ամսուան մէջ շարունակեց իր գործունէութիւնը։ Հակառակ թագաժահրի (քորոնա) համավարակի շարունակուող սահմանափակումներուն, ծրագիրը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ օգտագործելով համացանցային դրութիւնը։

Անցեալ Յունուարին, ծրագրի «instagram»ի էջին մէջ կազմակերպուեցան դասախօսական կարճ հանդիպումներ, որոնք ուղիղ սփռուեցան համացանցէն։ Նոյն շրջանին անջատաբար տեղի ունեցան հետեւեալ հանդիպումները.

Առաջին զրոյցը տեղի ունեցաւ Ատամնաբոյժ Մարկոս Էրքոլի հետ, ղեկավարութեամբ՝ Նարեկ Էրքոլի։ Յաջորդաբար՝ զրուցեց Արիս Տիգրան Նշան, ղեկավարութեամբ՝ Ժպիտ Լոյս Կէզէրի։ Երրորդ հանդիպումը եղաւ, Արթուն Աթմաճայի հետ, ղեկավարութեամբ՝ Ժէնիա Իչլիեիւրէքի։Իսկ վերջին հանդիպումն էր, Հոգեբոյժ Լեռնա Մէզիրճեան Չանքըրըյի հետ, ղեկավարութեամբ՝ Սէսիլ Կիւկիւշի։

Առ այդ, 21 Յունուարին քաղաքիս Քուլթիւր Համալսարանի դասախօսներէն Տիլէք Էօլմէզ «Zoom»ի ճամբով ծրագրի երիտասարադներուն հետ հանդիպում մը ունեցաւ եւ խօսեցաւ մտագոհութիւնները յաղթահարելու կապակցութեամբ։