ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

AltimermerԱլթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, 3 Դեկտեմբեր 2014, Չորեքշաբթի, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները յայտնեցին, որ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 14 Դեկտեմբեր 2014, Կիրակի։ Անոնք, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ալթըմէրմէրի Եկեղեցւոյ անդամներուն, իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։