ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

15235944_672309802928906_4712698615539448153_oԱլթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, 30 Նոյեմբեր 2016, Չորեքշաբթի, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները յայտնեցին, որ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 18 Դեկտեմբեր 2016, Կիրակի։ Անոնք, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Արամ Արքեպս. կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ալթըմէրմէրի Եկեղեցւոյ տիկիններուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։