ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Զոհրապ Քհնյ. Ճիւանեանի, 28 Նոյեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը 15.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

 

Այցելուները յայտնեցին, որ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 15 Դեկտեմբեր 2019, Կիրակի։ Անոնք, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

2019 ALTIMERMER

Տեղապահ Սրբազան Հայրը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ալթըմէրմէրի Եկեղեցւոյ տիկիններուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։