ԱԼԻ ԷԼՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլու, 23 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հիւրին կ՚ընկերանային իրաւաբաններ՝ Տալիթա Եոնթան եւ Առէն Տատըրօղլու։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Աթոռոյս Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

 

Այցելուները եկած էին շնորհաւորելու Նորին Ամենապատուութիւնը եւ տեղեկութիւններ փոխանցելու զանազան նիւթերու մասին։ Այս գիծով անոնք տեղեկութիւններ տուին յատկապէս պատմական Սանասարեան Խանի իրաւական վիճակի մասին։

2020 ALI ELBEYOGLU

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։