ԱՂԹԱՄԱՐԱՅ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Ինչպէս յայտնի է մերազն ժողովուրդին, 2010 թուականէն սկսեալ կը կատարուին Աղթամարայ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ ուխտագնացութիւնները։ Վերջին երեք տարիներու ընթացքին ընդհատուած էին սոյն ուխտագնացութիւնները՝ ապահովութեան պատճառաւ։

Այս տարի կրկին կատարուած է դիմումը եւ ստացուած՝ հարկ եղած արտօնութիւնը։ Վանի Կուսակալ Մուրատ Զօրլուօղլուն ու պատկան իշխանութիւնները, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս կը յայտնեն իրենց աջակցութիւնը եւ ուրախութիւնը սոյն հանգրուանին առթիւ։

Առ այդ, Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ 29 Յունիս 2018 Թուակիր Գ. Նիստին Ժողովական Հայրերը լսելով այս ամէնը, յայտնած են իրենց ուրախութիւնը։

Այսու կու գանք մերազն Ժողովուրդի զաւակներուն ծանուցանել, թէ Աղթամարայ ուխտագնացութիւնը այս տարի պիտի կատարուի 9 Սեպտեմբեր 2018 Կիրակի եւ Ս. եւ անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ ժամը 11.00-ին։

Ուստի կոչ կ՚ուղղենք Մերազն Ժողովուրդի զաւակներուն՝ աստ եւ ի սփիւռս աշխարհի, մեր Համայնքային ու Թաղային մարմիններուն, մեր բարերարներուն ու վարչայիններուն, Հայրենակցական ու Սանուց Միութեանց եւ Մամլոյ սպասաւորներուն, որպէսզի իրենց կարելին ի գործ դնեն ու բերեն իրենց ներկայութիւնը սոյն ուխտագնացութեան՝ իբրեւ հաւատքի ու իրաւունքի պահպանում ու պապենական ժառանգի պանծացում։

Այս առթիւ պատրաստուած են զանազան ծրագիրներ զբօսաշրջական ընկերութեանց կողմէ։